ՕԶՊԻԼԻՍ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԿԱԶՄ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին անդամ Արազ Օզպիլիս երկարատեւ ընդմիջումէ ետք երէկ դաշտ ներկայացաւ իր ակումբին` Այաքս Ամսթերտամի հետ` իբրեւ հիմնական մարզիկ Իւթրեխթի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որ կ՛իյնայ Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Օզպիլիս, որ դաշտ ներկայացաւ ամբողջ հանդիպումին, իր խմբակիցներուն հետ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, կը յայտնէ Armsport.am:
Ֆրանք տը Պէօրի կազմը այսպիսով իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը կրելով այժմ 34 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական


