«ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՈԳԵՇՆՉՄԱՆ ԱՂԲԻՒՐ Է» Կ՛ԸՍԷ ՖԻՈՒԼԷ
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հետ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններու պատասխանատու կոմիտէի անդամ Շթեֆան Ֆիուլէ յայտարարած է, որ Թուրքիա արաբական ժողովրդավարութիւններուն համար ոգեշնչման աղբիւր է:
Թունուզ իր կատարած այցելութեան ընթացքին Ֆիուլէ հանդիպում ունեցած է երկրի վարչապետին հետ, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նշած է, որ արաբական նոր ժողովրդավարութեան աջակցելու համար ամէնէն լաւ ճանապարհը առեւտուրն է: «Պէտք չէ վախնալ, որ արաբական աշխարհի գարունէն ետք պահպանողական կուսակցութիւն պիտի գայ իշխանութեան գլուխ, բառերու վրայ կեդրոնանալու փոխարէն պէտք է ժողովրդավարական արժէքներուն վրայ կեդրոնանալ: Ես կը կարծեմ, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիր Թուրքիան կրնայ լաւ բնորդ ըլլալ, որովհետեւ պահպանողական կուսակցութեան կողմէ ղեկավարուելով` անիկա նաեւ բանակցութիւններ կը վարէ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու համար: Ասիկա շրջանային երկիրներու համար ոգեշնչման շատ լաւ աղբիւր է»:
Ֆիուլէ ընդգծած է նաեւ, որ 2010-էն ետք Եւրոպական Միութիւն – Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ Կիպրոսի հարցով յառաջացած լարուածութեան հետ կապուած որեւէ լուրջ յառաջընթաց չէ արձանագրուած:


