ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵԼՈՒ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ԼԱՒՐՈՎ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ «ՋՂԱԳՐԳԻՌ» ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր Ռուսիոյ գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Միխայիլ Ֆրատքովի հետ Դամասկոս այցելութեան նախօրեակին քննադատեց Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ հարցով բանաձեւին դէմ օգտագործուած վեթոյին նկատմամբ Արեւմուտքի հակազդեցութիւնը, զոր «ջղագրգիռ» որակեց: Ան յիշեցուց ասացուածք մը, զոր կ՛ըսէ. «Ան որ կը ջղայնանայ, հազուադէպօրէն իրաւացի կ՛ըլլայ»: Լաւրով նշեց, որ այդ «ջղագրգիռ յայտարարութիւններուն նպատակը տեղի ունեցածը ծածկելու համար է, այսինքն` (ծածկել) այն, որ Սուրիոյ մէջ բռնարարքը շարք մը աղբիւրներ ունի»` աւելցնելով, որ «այդ պատճառով զօրակցեցանք բռնարարքները` ինչ աղբիւրէ ալ ըլլան, դադրեցնելու Արաբական լիկայի նախաձեռնութեան»:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Ռուսիա կը պնդէ, որ սուրիական ընդդիմութիւնը «զինեալ ծայրայեղականներէն ինքզինք զանց կացուցէ»: «Ցաւալի է, որ բանաձեւը այս ճակատագիրը ունեցաւ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «որոշումին բանաձեւման մասնակիցներէն քանի մը օր խնդրեցինք, որպէսզի կարենանք կացութիւնը քննարկել» Դամասկոս այցելութեան ընթացքին: Ան մերժեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին փոխանցելիք պատգամին մասին տեղեկութիւն տալ:
Միւս կողմէ, ֆրանսական «Քանալ2» պատկերասփիւռի կայանը սփռեց Ապահովութեան խորհուդին մէջ Սուրիոյ հարցով բանաձեւին շուրջ ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքինի եւ Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանիի միջեւ բանավէճ մը, որուն ընթացքին Քաթարի վարչապետը խօսքը սպառնական ոճով Ռուսիոյ պատուիրակին ուղղելով զինք զգուշացուց Սուրիոյ հարցով վեթօ օգտագործելէ` նշելով, որ «Ռուսիա պէտք է բանաձեւին համաձայն գտնուի, այլապէս արաբական երկիրները պիտի կորսնցնէ»: Ռուսիոյ պատուիրակը սառնասրտութեամբ պատասխանեց. «Եթէ անգամ մը եւս հետս այս ոճով խօսիս, Քաթար կոչուած բան մը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ»` աւելցնելով, որ «դուն Ապահովութեան խորհուրդին մէջ հիւր ես, ուստի ինքզինքդ յարգէ եւ չափիդ մէջ մնացիր, իսկ ես արդէն քեզի հետ չեմ խօսիր, ես յանուն մեծն Ռուսիոյ միայն մեծերուն հետ կը խօսիմ»:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Հարաւային Քորէայի նախագահին հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կողմէ վեթոյի օգտագործման նկատմամբ «յուսախաբութիւն» յայտնեց եւ նշեց, որ «Թուրքիա ՄԱԿ-ի բանաձեւին համար կը տխրի»` շեշտելով, որ «պէտք է բոլորը յիշեն, որ Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանը աւարտեցաւ, եւ մարդկային իրաւանց խախտումներն ու քաղաքայիններու դէմ զինուորական ուժի կիրարկումը աշխարհի մէջ որեւէ տեղ գոյութիւն չունին»:
«Սուրիա անվերադարձ ճամբու վրայ է, ուստի լաւագոյնը, որ Ասատ այս երկրին ու ժողովուրդին համար կրնայ ընել` իր քաղաքականութեան կառչելէն դադրիլն ու փոփոխութիւնը ընդունիլն է»:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի դատապարտեց սուրիական բանակին կողմէ բնակելի թաղամասերու դէմ ծանր զէնքերու օգտագործումը:
Սէուտական Արաբիոյ նախարարաց խորհուրդը Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին գլխաւորած նիստին ընթացքին նշեց, որ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ հարցով որոշումի մը որդեգրման ձախողութիւնը պէտք չէ արգելք հանդիսանայ անմեղներու կեանքը պաշտպանելու, արիւնահեղութիւնն ու բոլոր բռնարարքները դադրեցնելու համար վճռական միջոցառումներու դիմելու: Ռիատ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց ջանքերը չդադրեցնելու` լուծում մը գտնելու համար Սուրիոյ տագնապին, որ «սուրիացի ժողովուրդի շարքերուն մէջ հարիւրաւոր զոհեր պատճառեց, եւ ատոր շարունակումը կը սպառնայ մարդասիրական աղէտի վերածուիլ»:
Նշենք, որ Ուաշինկթըն երէկ փակեց Դամասկոսի մէջ իր դեսպանատունը եւ դեսպանատան անձնակազմը ցամաքի ճամբով Յորդանան փոխադրեց:


