ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ 2 ՈՍԿԻ, 2 ԱՐԾԱԹ ԵՒ 4 ՊՐՈՆԶ ՄԵՏԱԼԻ
Նախորդ շաբաթավերջին Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ աւարտեցաւ ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան` 22 ըմբիշով:
Հայրենի ըմբիշները բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով տիրացան 2 ոսկի, 2 արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալի:
Նշենք, որ Տան Քոլով – Նիքոլա Փեթրովի անուան այս մրցաշարքին տեղի ունեցան յունահռոմէական եւ ազատ ոճի մրցումներ:
Սկսելով ազատ ոճի մրցումներէն` 55 քկ դասակարգին մէջ Գեղամ Պապախանեան տիրացաւ արծաթ մետալին, իսկ Միհրան Ջափուրեան` պրոնզ մետալին:
96 քկ դասակարգին մէջ Հաճիմուրատ Նուրմակամետով ոսկի մետալ մը ապահովեց Հայաստանի, իսկ Ռուսլան Պասիեւ (120 քկ)` պրոնզ մետալ մը:
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն, Արթուր Մկրտչեան (60 քկ) տիրացաւ պրոնզ մետալին:
66 քկ դասակարգի աւարտական մրցումը, որ եղաւ զուտ հայկական, աւարտեցաւ Արամ Ջուլֆալակեանի յաղթանակով, մինչ Յովհաննէս Վարդերեսեանին վիճակուեցաւ արծաթ մետալը:
Վերջապէս, 84 քկ դասակարգին մէջ պրոնզ մետալին տիրացաւ Հրաչ Յովհաննիսեան:
Նշենք, որ բաւական երկար ընդմիջումէ ետք միջազգային մրցաշարքի մը իր մասնակցութիւնը բերաւ յունահռոմէական ոճի հայ ըմբշամարտիկ Արա Աբրահամեան, որ կը ներկայացնէ Շուէտը: Ան այդքան ալ տպաւորիչ արդիւնք չկրցաւ արձանագրել Պուլկարիոյ մէջ:

