ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԶԱՏ ՈՃԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ՏԻՐԱՆԱԼՈՎ ՄԻԱՅՆ ԱՐԾԱԹ ՄԵՏԱԼԻ ՄԸ
Երէկ, Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա) աւարտեցան Եւրոպայի ըմբշամարտի ազատ ոճի ախոյեանութեան մրցումները:
Այս ծիրին մէջ, Հայաստան բաւականացաւ միայն արծաթ մետալով մը, այդ ալ շնորհիւ Մուսա Մուրթազալիեւի, որ իր այս յաջողութիւնը արձանագրեց 74 քկ դասակարգին մէջ:
55 քկ դասակարգին մէջ Միհրան Ջափուրեան պրոնզ մետալի մը տիրանալու իր փորձին մէջ ձախողեցաւ, երբ կիսաւարտականին պարտութիւն մը կրեց Վլատիսլաւ Անտրէեւէն:
CATEGORIES Մարզական