«ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ԾԱԾԿԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐԸ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Վահան Յովհաննիսեան կը կատարէ իր յայտարարութիւնը

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան, երէկ յայտարարութիւններու ժամուն անդրադառնալով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, խորհուրդ տուաւ յաջողութիւնները չանձնաւորել, ինչպէս կը կատարէին  Լենինի ժամանակ:

Ան նշեց, որ Ֆրանսայի ծերակոյտին մէջ ձեռք բերուած յաջողութիւններուն մասին խօսելու ընթացքին կարելի էր շնորհակալութիւն յայտնել այնտեղ 45 տարի անոր համար կռուած հայ ժողովուրդին, արտերկրի հայութեան, Հայ դատի գրասենեակներուն, բայց ատիկա ճաշակի հարց է:

Անդրադառնալով կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրով նախատեսուած եւ չկատարուած աշխատանքներուն` Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է առնուազն Ազգային ժողովին զեկուցէր եւ, բացի միջազգային ճգնաժամն ու վատ կլիմայական պայմանները պատճառ բերելէն, նաեւ այլ տրամաբանական պատասխաններ տար:

Ան նշեց, որ ՀՅԴ խմբակցութիւնը առաջարկած էր միասին դիմել Սահմանադրական դատարան` պարզաբանելու, թէ ի՞նչ պիտի ընէ կառավարութիւնը, որ իր խոստումները չկատարեց` նոր ծրագիր պիտի հաստատէ՞, թէ՞ անհրաժեշտ է նոր կառավարութիւն ձեւաւորել: «Անոր համար ընդամէնը պէտք էր 27 ստորագրութիւն: Սակայն այս առաջարկին դրականօրէն արձագանգեց միայն Ժառանգութիւն խմբակցութիւնը: Մնացեալ խմբակցութիւնները չպատասխանեցին` անով ալ փաստօրէն ստանձնելով կառավարութեան գործունէութեան ծածկումը», ընդգծեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES