ՄԱՄԼՈՅ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՍՈՒԼԻՍ` ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամի:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը կը գիտակցի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան դիմագրաւած հարցերուն եւ նախարարութեան համար առաջնահերթութիւն է լուծել ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն հարցերը:
Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ այս առումով իրենք լաւատես են` աւելցնելով, որ միութիւնը ներկայացուցած է այնպիսի պահանջներ, որոնք կ՛օժանդակեն բարելաւելու ճարտարարուեստի սեփականատէրերուն աշխատանքը, ինչպէս նաեւ հիմնելու գործարաններու յատուկ իտէալ շրջաններ` համապատասխան ենթակառոյցով, ծաղկեցնելու համար արդիւնաբերութիւնը:
Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը ներկայացուցած է շարք մը ծրագիրներ, որոնցմէ քանի մը հատը գործադրուած է, իսկ մնացեալը սառեցուած է ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ: «Այս առումով մենք ելեւմուտքի նախարարին կ՛առաջարկենք այդ ծրագիրները փոխանցել նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան, որպէսզի կառավարութեան նիստին կարելի ըլլայ քննարկել այդ ծրագիրները եւ այդ իմաստով յարմար որոշումներ տալ», ընդգծեց Վ. Սապունճեան` աւելցնելով, որ ճարտարարուեստի մարզին կարելի է նեցուկ կանգնիլ ոչ միայն նիւթական նպաստ տրամադրելով, այլեւ` այդ մարզը քաջալերող որոշումներ տալով:
Իր կարգին, Աֆրամ ընդգծեց, որ նախարար Սապունճեանին ներկայացուցած են միութեան բողոքը` ելեկտրական հոսանքին եւ վառելանիւթի սակին վերաբերեալ: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն արտակարգ ծրագիր մը մշակելու` դիմագրաւելու համար երկրին եւ ճարտարարուեստի մարզին սպառնացող այս դժուար հանգրուանը:
Աֆրամ կոչ ուղղեց հիմնելու վառելանիւթի սակին նիւթական նպաստ ապահովող ազգային ֆոնտ մը, որ կարելի է ֆինանսաւորել Լիբանանի կողմէ ներածուող արտադրութիւններէն գոյացած տուրքերով:
Ան ընդգծեց, որ այս առումով իրենք երէկ առաւօտեան հանդիպում մը ունեցած են նաեւ ելեւմուտքի նախարարին հետ:


