ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. – ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ` 58-46
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ Անդրանիկ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 58-46 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 9-9, 14-10, 17-12 եւ 18-15:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սանտրա Նաժըմ (20 կէտ), ապա` Նաթալի Սվաճեան (7), Լէյլա Ֆարես եւ Սուլա Աբրամեան (5-ական կէտ):
7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցում չունի կատարելիք:
ԱՅՍՕՐ` ՔԱՈՒՆԹՐԻ ԼՈՃ – ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումին, այսօր` չորեքշաբթի, 8 փետրուարին Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Նահր Մոթ) տեղի պիտի ունենայ Քաունթրի Լոճ – ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը: Անիկա պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին:

