ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` «ԱԶԴԱԿ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ
Երէկ առաւօտ, «Ազդակ»ի խմբագրատուն այցելեցին եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցան Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու եւ «Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Խորհրդակցութիւնները կը վերաբերէին հայ տեղեկատուական ոլորտին եւ այնտեղ երեւցող զանազան խնդիրներուն:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՍՕՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ
ԹԱՏՐՈՆԻ ԴԵՐԱՍԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
«Ազդակ»ի խմբագրատուն այցելեցին նաեւ Երեւանի Համազգայինի «Սօս Սարգսեանի անուան թատրոնի դերասանները եւ ծանօթացան «Ազդակ»ի աշխատանքներուն: Անոնք Լիբանան կը գտնուին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով` թատրոնի միջազգային տօնին առիթով կազմակերպուած ներկայացումներու շարքին մասնակցելու համար:
Թատերական ներկայացումներուն առիթ կ՛ունենանք անդրադառնալու յաջորդաբար: