ԼԻՊԻՈՅ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ԴԷՊԻ ԱՐԵՒԵԼՔ ԿԸ ՓԱԽՉԻՆ
Լիպիոյ ըմբոստները երէկ Քազզաֆիի ուժերու ծանր զէնքերու հարուածներուն դիմաց փախուստի դիմեցին, ինչ որ ի յայտ բերաւ միջազգային ուժերու օդային հարուածներուն բացակայութեան անոնց տկարութիւնը:
Միջազգային ուժերը հինգ օր ռմբակոծելէ ետք յաջողեցան քանդել Աժտապիայի մէջ գտնուող Քազզաֆիի ուժերու հրետանին եւ ըմբոստները արշաւելով այդ ուժերը երկու օր շարունակ եւ 300 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ հալածեցին: Սակայն երկու օր ետք ըմբոստները վերադարձան իրենց առաջին դիրքին:
Նաուֆալիա, Պըն Ժաուատ եւ Ռաս Լանուֆ քաղաքները կայծակնային արագութեամբ վերագրաւուեցան Քազզաֆիի ուժերուն կողմէ: Ըմբոստները Պրիքայի մէջ դիմադրութիւն ցուցաբերելու նշաններ ցոյց տուին, սակայն շուտով փախուստ տուին դէպի Աժտապիա, ուր իրարանցում տիրեց: Առանց Արեւմտեան ուժերու օժանդակութեան, ըմբոստները կը թուին անկարող ըլլալ յառաջդիմելու կամ մինչեւ իսկ իրենց դիրքերը պահելու:
Մինչ այդ, միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնները յայտնեցին, որ սննդեղէնի եւ դեղորայքի պաշարներ կը պակսին մասնաւորաբար Միսրաթայի մէջ, որ Քազզաֆիի ուժերուն կողմէ պաշարուած է:
Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Բրիտանիա ըմբոստները զինելու կարելիութիւնը արծարծած են: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «Քազզաֆի վերջ ի վերջոյ պիտի հեռանայ, եւ ընդդիմութիւնը զինելը չեմ բացառեր»: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ընդդիմացաւ ըմբոստները զինելու գաղափարին: Ան նշեց, որ յստակ է, թէ Լիպիա «բարեփոխումներու համար հասունցած է», սակայն լիպիացիները իրենք պէտք է որոշեն` առանց արտաքին ազդեցութեան: Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն իր կարգին յայտարարեց, որ «Քազզաֆիի վարչակարգը պէտք է վերջ գտնէ եւ Քազզաֆին անմիջապէս պէտք է հեռանայ»: