ՌՈՒՄԲ ՄԸ ԲՐԻՏԱՆԻԱՅԷՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ՓՈԽԱԴՐՈՒԱԾ Է

Բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիայէն Թուրքիա «Եու.Փի.Էս.» միջազգային բեռնատար օդանաւային ընկերութեան օդանաւով ռումբ մը տեղափոխուած է եւ յաջող կերպով իր տեղը հասած: Անվտանգութեան ծառայութիւնը չէ յաջողած զայն յայտնաբերել:

Դէպքը տեղի ունեցած է երկու շաբաթ առաջ: Ռումբը պատրաստելու մեղադրանքով ձերբակալուած է 26-ամեայ տղամարդ մը: Հետաքննութենէ ետք ի յայտ եկած է, որ թուրք մը ռումբը հարսանեկան կարկանդակի մէջ պահելով զայն օդանաւ տեղափոխած է:

Բրիտանական ոստիկանութիւնը կը յայտնէ, որ դէպքը ահաբեկչութեան հետ կապ չունի:

Share this Article
CATEGORIES