ՀԱՅ ՏՆՏԵՍԱԳԷՏԸ ՄԵՐԺԵՑ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

Տարօն Աճեմօղլու

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, թէ թրքահայ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլու մերժած է Փարիզի մէջ տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան մէջ Թուրքիոյ մնայուն ներկայացուցիչը նշանակուելու իր առաջարկը:

«Ես իմ ասպարէզիս հետ կապուած ունիմ որոշ ծրագիրներ, որոնց աւարտէն ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ հետագայ քայլերու մասին մտածել», ըստ «Հիւրրիյէթ»ին, Տաւութօղլուի ըսած է Աճեմօղլուն: Օրաթերթը ընդգծած է, որ հայազգի տնտեսագէտը այդպիսով չընդունեց ամիսներ առաջ իրեն կատարուած առաջարկը:

Տաւութօղլու հաստատած է այս տեղեկութիւնը` նշելով. «Ան ըսաւ, որ հետագային կարելի է, որ մտածէ կատարուած առաջարկին մասին»: Տաւութօղլու յայտարարած է նաեւ, որ Աճեմօղլուի դեսպան նշանակման առնչութեամբ խորհրդակցած է Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Տաւութօղլու յայտնած է, թէ Աճեմօղլու նշած է, որ «իբրեւ Թուրքիոյ քաղաքացի եւ ակադեմիկոս այդ առաջարկը ստանալն ու այդ պատուական առաքելութիւնը ստանձնելը պատիւ մըն է իրեն համար: Սակայն ան նշեց, որ իր ակադեմական աշխատանքներուն պատճառով այս առաջարկին դրական գնահատական մը պիտի տայ հետագայ հանգրուանի մը ընթացքին»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES