ՄԱՄԼՈՅ 66-ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ. «ՆԻՒԹԵՐ ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ» 8-ՐԴ ՀԱՏՈՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ին եւ Համազգայինի «Վահէ Սեթեան» հրատարակչատան, հինգշաբթի, 9 փետրուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 66-րդ լսարանը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» 8-րդ հատորը:
Լսարանին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ նշեց, թէ ՀՅԴ արխիւները բազմաթիւ բացայայտումներ ունին կատարելիք հայ ժողովուրդի վերջին 100-ամեայ պատմութեան անցուդարձերուն վերաբերեալ, եւ այս իմաստով անգնահատելի է «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» հատորներու շարքին արժէքը: Յակոբեան ըսաւ, որ Դաշնակցութեան երկար տարիներու ղեկավար գործիչ Հրաչ Տասնապետեանով սկսած «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» հատորներու շարքին խմբագրման եւ հրատարակութեան աշխատանքը այսօր կը շարունակէ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Արխիւներու հիմնարկի տնօրէն Վաչէ Բրուտեան, որ յայտնեց, թէ հատորը կը ներկայացնէ 1909-1911 ժամանակաշրջանի ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը: Բրուտեան աւելցուց, որ հրապարակուած արխիւային նիւթերուն մէջ տեղ գտած են Դաշնակցութիւն-իթթիհատական իշխանութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերող բազմաթիւ փաստաթուղթեր:
Բրուտեան ըսաւ, որ գիրքը ունի 13 գլուխներ, որոնց մէջ կը գտնուին 97 փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ ժողովներու ատենագրութիւններ, նամակներ, շրջաբերականներ, արձանագրութիւններ, որոշումներ… Ան հաստատեց, որ գիրքը ունի գիտական լուրջ նկարագիր, որ կրնայ իբրեւ աղբիւր ծառայել պատմաբաններուն եւ ուսումնասիրողներուն:
Վաչէ Բրուտեան յայտնեց, որ խմբագիր Երուանդ Փամպուքեան ամենայն զգուշութեամբ եւ բծախնդրութեամբ աշխատած է գտնելու ծածկանուններուն եւ ծածուկ շրջաններուն իսկական անուններն ու դիրքը, որոնք նշուած են մանրամասն տողատակի ծանօթագրութիւններու ճամբով: Ան աւելցուց, որ այս բացայայտման աշխատանքը դժուար գործ է, որովհետեւ այս շրջագիծին մէջ ընդհանրապէս առաջնորդող տուեալներ գոյութիւն չունին: Բրուտեան ըսաւ, որ այս հատորը նաեւ կարեւոր աղբիւր մըն է սերտելու հայոց լեզուի զարգացման հոլովոյթը:
Օրուան երկրորդ խօսքը արտասանեց «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» 8-րդ հատորի խմբագիր Երուանդ Փամպուքեան, որ ներկայացուց Դաշնակցութեան արխիւներուն արժէքն ու արխիւները պահպանելու կարեւորութիւնը: Փամպուքեան ըսաւ, որ անցեալին երկու առիթով «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութիւնը նիւթապէս օժանդակած է ՀՅԴ արխիւները լուսանկարելու եւ թուայնացնելու աշխատանքին` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկային եւս այս աշխատանքը շարունակուի:
Երուանդ Փամպուքեան հաստատեց, որ հայկական յեղափոխական շարժումին մասին ամէնէն հարուստ եւ մեծաթիւ նիւթերը կարելի է գտնել Պոսթընի ՀՅԴ Արխիւներու հիմնարկին մէջ: Անդրադառնալով պատմութեան` ան յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմը Դաշնակցութեան արխիւները ապահով վայրեր փոխադրելու աշխատանքը իրականացուցած է` նկատելով, որ այդ արխիւներուն փոխադրութիւնը «ոդիսական» է:
Ան յայտնեց, որ այսօր արխիւները փրկելու հարց գոյութիւն ունի, քանի որ ժամանակը զանոնք կը փճացնէ: Փամպուքեան շեշտեց, որ արխիւներու փրկութեան աշխատանքը մէկ-երկու մարդու գործ չէ, այլ` կ՛ուզէ մեծ աշխատակազմ, որպէսզի կարելի ըլլայ կարճ ժամանակամիջոցին իրականացնել նպատակը: Իր խօսքի աւարտին, Երուանդ Փամպուքեան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային արխիւներուն համար ստեղծուի հիմնադրամ մը, որուն միջոցով կարելի ըլլայ կորուստէ փրկել արխիւները:



