ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ՍԿՍԱԾ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՊԱՏ ԿԱՌՈՒՑԵԼ

Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Յունաստան Թուրքիոյ հետ իր սահմանի մէկ հատուածին վրայ պաշտօնապէս պատ կը կառուցէ` անօրինական ներգաղթողներու Եւրոպա մուտքը կրճատելու համար:

Կառուցուող պատին երկարութիւնը տասը քիլոմեթր է, իսկ բարձրութիւնը` 2.5 մեթր: Պատին վրայ երկու շարք փշաթել պիտի զետեղուի եւ 24 հատ տեսախցիկ պիտի տեղադրուի:

«Այս պատը մաքսանենգներու եւ անօրինական ներգաղթողներու համար խոչընդոտ պիտի հանդիսանայ: Նաեւ պիտի ծառայէ իբրեւ յիշեցում այն մասին, որ Յունաստանը բոլորին մատչելի չէ», յայտարարած է Յունաստանի քաղաքացիական պաշտպանութեան նախարար Խրիսթոս Փափուցիս` աւելցնելով, որ թոյլ պիտի չտայ, որ ներգաղթողները Յունաստանը Եւրոպա անօրինական ներգաղթի դարպասի վերածեն:

Ըստ յոյն նախարարին, 2011-ին Յունաստան – Թուրքիա սահմանին վրայ 55 հազար անօրինական ներգաղթող ձերբակալուած է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES