ՄԵՐՁԵՑՈՒՄ-ԹԱՓԱՆՑՈՒՄԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿԸ
Շրջանային կացութիւնը անմիջականօրէն տագնապալի բնութագրուելու բոլոր բաղադրիչները կը լրացնէ: Հալէպի մէջ կատարուած ականահարումները, զոհերուն թիւը, ընտրուած վայրերը աւելիով կը խորացնեն Սուրիոյ տագնապը` նախանշելով դէպքերուն նոր տարողութեան մը ահագնացումը:
Սուրիոյ զարգացումները անմիջականօրէն կանխող ժամանակահատուածին Անգարայի աննախադէպ մերձեցումը Սուրիոյ, ռազմավարական յատուկ գործընկերութեան համաձայնութիւնը, մուտքի երկկողմանի արտօնագիրներու դրութեան ջնջումը, առեւտրական եւ տարբեր ոլորտներու վերաբերող ահագին համաձայնագիրներու ստորագրութիւնը փաստօրէն մերձեցում տարազին տակ թրքական թափանցումի գործընթաց կ՛ենթադրէին: Այս պայմաններուն մէջ Սուրիոյ տարածքին գործող 40-է աւելի թուրք սպաներու ներկայութիւնը ինքնին մերձեցումէն շատ անդին հասնող այլ աշխատանքներու յստակ ցուցանիշ է:
Թրքական «մերձեցման» գործօնը այսպէս կը բանի. եւ այս մէկը պէտք է դիտարկել Անգարայի կողմէ յայտարարուած «զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ» կարգախօսը կրող արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր շրջագիծին մէջ: Ի վերջոյ Սուրիան դրացի պետութիւն է Թուրքիոյ, որուն հետ այս ձեւով զերոյի կը հաւասարին գոյութիւն ունեցող խնդիրները…
Նախադրեալները կը նախանշեն, որ Անգարայի թափանցողական մերձեցումը քաոսային այլ իրավիճակներ կը նախապատրաստէ Սուրիոյ համար:
Նման մերձեցման քաղաքականութենէ զերծ չէ նաեւ Լիբանանը, ուր այլապէս անհանգիստ կացութիւն կը տիրէ: Կառավարութեան մէկ նիստին արձանագրուած անհամաձայնութիւն մը իր տարողութենէն դուրս կու գայ եւ կը յանգի կառավարութեան աշխատանքի սառեցումին: Շատ աւելի սուր անհամաձայնութիւններ նախապէս նոյնիսկ տարբեր բեւեռներէ կազմուած դիւրաբեկ կառավարութիւններու օրերուն հազուագիւտ պարագաներու կ՛առաջնորդուէին անել փակուղիներու: Հիմա յայտնապէս պատրուակի տպաւորութիւն կը ձգէ պետական նշանակումներու առիթով ստեղծուած անհամաձայնութիւնը նման առկախումներու հասնելու համար:
Առաւելագոյն անհամաձայնութիւն մը կրնար անորոշ թուականով յետաձգել օրակարգի կէտը եւ ոչ թէ անդամալուծել կառավարութեան աշխատանքները: Մանաւանդ երբ բազմաթիւ ոլորտներու պարագային կան կենսական խնդիրներ ուղղակիօրէն եւ անմիջական կարգով կապուած քաղաքացիներու կենցաղին, կարիքներուն, տարրական իրաւունքներուն հետ:
Կը թուի, որ սպասողական հանգրուանի մէջ է Լիբանանը, որ իր աշխարհագրական, քաղաքական եւ ընդհանուր համակարգային դրուածքով անմիջական ազդեցութիւնը կը կրէ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, հասկնալիօրէն: Ճիշդ այստեղ է ուրեմն, որ Անգարայի մերձեցման քաղաքականութեան հետեւանքներուն հետ հաշուի նստելու խնդիր կը դիմագրաւեն լիբանանեան կողմերը: Հարաւային Լիբանանի մէջ թրքական զօրամիաւորներուն ինքնաառաջադրուիլը, բարեսիրական քողին տակ հիւանդանոցներու կառուցումը, կրթականին անուան տակ դպրոցներ վերանորոգելը, մշակութային բնոյթի նախաձեռնութիւնները, լիբանանցի լրագրողներու դարպասումը եւ տնտեսական զարգացման նպատակին տակ հսկայական գործառնութիւններով Պէյրութի մեծ դռներէն ներս մտնելը ի վերջոյ որոշ քաղաքականութեան մը կիրարկման համար անհրաժեշտ շղթային տարբեր օղակներն են պարզապէս:
Լիբանանեան քաղաքական միտքը, անկախ համայնքային նկատառումներէ, պէտք է կարենայ գնահատական տալ այսօրուան Սուրիոյ մէջ Անգարայի ունեցած դերակատարութեան` եզրակացնելու համար, թէ ի՛նչ հետեւանքներ ունեցաւ Անգարայի վարիչներուն կիրարկած ցուցական մերձեցումը Դամասկոսի նկատմամբ, մանաւանդ որ մերձեցման պէյրութեան տարբերակը տակաւին երէկ ՄԱԿ-ի խորհրդաժողովներու շղարշին տակ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը շարունակէր ցուցադրել երկրի քաղաքական թէ կրօնական պետերուն:
Շրջանին մէջ թրքական գործօնին աշխուժացման պատճառահետեւանքային գնահատականը կատարելու պահն է. հիմա՛:

