ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աշխատակազմը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատած է, որ 10 փետրուարի երեկոյեան Էրտողան երկրորդ անգամ ըլլալով վիրահատութեան ենթարկուած է:
Հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ 26 նոյեմբեր 2011-ին աղիքներու առնչուած վիրահատութենէն ետք նախատեսուած էր այլ փոքր միջամտութիւն մը, որ տեւած է երեսուն վայրկեան եւ յաջող անցած է:
CATEGORIES Միջազգային

