ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ. ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԸ ԿՐՆԱՅ ԱԶԴԵԼ ԾՆՕՏԻ ՈՍԿՈՐՆԵՐՈՒՆ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ՎՐԱՅ
2011 դեկտեմբերի վերջաւորութեան բրիտանացի ու ֆրանսացի խումբ մը մասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ սննդականոնը ունի իր ուշագրաւ ազդեցութիւնը մարդկային ծնօտի ոսկորներուն ձեւաւորման վրայ:
Մասնագէտները յայտնած են, թէ նստակեաց ապրելակերպ ունեցող մարդոց ծնօտին ոսկորները հետզհետէ կարճցած ու լայնցած են, ինչ որ որոշ չափով կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ մեծ թիւով մարդիկ կը տառապին ակռաներու շատ խիտ շարուածքներէ:
Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող բրիտանացի մարդաբան Ճէյ Սթոք հետաքրքրական գտած է նման յայտնաբերում մը` նկատի ունենալով, որ անիկա հարցականի տակ կ՛առնէ յաճախ տիրական եղած ա՛յն համոզումը, թէ նորագոյն ժամանակներուն մարդկային կազմախօսութեան մէջ աննշան փոփոխութիւններ միայն տեղի ունեցած են:
Այլ մասնագէտներ մարդկային ծնօտի ոսկորներուն տարբեր ձեւերուն գոյութիւնը կը բացատրեն` ըսելով, թէ անոնք յառաջացած են կլիմայական փոփոխութիւններէ, մինչ ուրիշներ այդ երեւոյթը կը վերագրեն պատահականութեան:
Սակայն տասնմէկ տարբեր ժողովուրդներէ հաւաքուած աւելի քան երեք հարիւր գանկոսկրերէ ձեռք ձգուած նորագոյն տուեալները ցոյց տուած են, թէ որքան մարդիկ որսորդութենէ հեռացած են եւ հետզհետէ նստակեաց կեանք մը ապրած են, այնքան աւելի կարճցած ու լայնցած են անոնց ծնօտին ոսկորները` նկատի ունենալով, որ անոնք միսին առընթեր, իրենց սննդականոնին մէջ սկսած են ներառել կակուղ ուտելիքներ, ինչպէս` պտուղ ու բանջարեղէն:
ԾԱՄՈՒԱԾ ՈՒՏԵԼԻՔԸ ԿԸ ՃՆՇԷ ԵՐԵՍԻ
ՄԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ԾՆՕՏԻ ՈՍԿՈՐՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ
Այլ մարդաբան մը` տոքթ. Նորին Վոն Քրամոն-Թոտապել տրամաբանական գտած է ծնօտի ոսկորներուն կազմախօսութեան ու սննդականոնին միջեւ եղած կապը` անկախ մարդոց տարբեր ժողովուրդներու պատկանած ըլլալու իրողութենէն եւ կամ ժամանակի ընթացքին մարդկային կմախքին մէջ յառաջացած եղափոխութենէն, ինչպէս նաեւ` ծինային փոփոխութիւններէն:
Տոքթ. Վոն Քրամոն-Թոտապել բացատրած է, թէ մարդկային ծնօտի ոսկորներուն մէջ յառաջացած փոփոխութիւնները շատ հաւանաբար ազդուած են ծամած ատեն ծնօտին բանեցուցած ուժին հետզհետէ նուազեցումէն` նկատի ունենալով, որ ժամանակի ընթացքին մարդոց սպառած ուտելիքներուն տեսակը փոփոխութիւն կրած է, եւ անոնք սկսած են կաթնեղէններ ու հացահատիկ սպառել, ինչպէս նաեւ միսը խորովել` զայն հում սպառելու փոխարէն:
Տոքթ. Վոն Քրամոն-Թոտապել նշած է նաեւ, թէ ժամանակի ընթացքին մանուկներուն վարի ծնօտին ոսկորին աճը կ՛ազդուի բերնին մէջ ծամուած ուտելիքին քանակէն, ինչպէս նաեւ` ծամած ատեն երեսի մկաններուն ու ծնօտի ոսկորին վրայ բանեցուած ճնշումէն եւ, այդպիսով, մինչեւ անոնց չափահասութիւնը ծնօտին ոսկորը կը ստանայ որոշ ձեւաւորում մը:
Կարգ մը մարդոց պարագային ծնօտի ոսկորներուն կարճ ու լայն ձեւաւորումը պատճառ կը դառնայ, որ բաւարար տեղ չմնայ ակռաներուն աճին, եւ ատամնաբուժներ ստիպուին քաշել կարգ մը ակռաներ:
Անասուններու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ ա՛յն արջամուկերուն (կարճ պոչով ու նապաստակի նմանող անասուններ), որոնց կակուղ ուտելիքներ տրուած են, համեմատաբար աւելի փոքր եղած են ծնօտին ոսկորները, քան` անոնց, որոնք կարծր ուտելիքներէ բաղկացած սննդականոն մը ունեցած են:
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

