ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ` ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին առիթով եւ համաձայն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին, երէկ` երկուշաբթի, 13 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն եւ անդաստանի արարողութիւն` խուռներամ հաւատացեալներու ներկայութեան:
Արարողութեան հանդիսապետեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան իր քարոզը սկսաւ Աւետարանէն մէջբերելով Սիմէոն ծերունիին խօսքը. «Արդ, արձակեա զծառայս քո ի խաղաղութեան»: Ներկայացնելէ ետք Տեառնընդառաջի տօնին դրուագը` սրբազանը նշեց, որ Սիմէոն ծերունիին ընդմէջէն մարդկութիւնը տեսաւ խոստացուած փրկութիւնը: Մենք իբրեւ հայ ժողովուրդ ժառանգորդներն ենք քրիստոնէական հոգեւոր եւ մտաւոր հարստութեան:
Առաջնորդ սրբազանը նշեց նաեւ, որ հայ ժողովուրդը երկու փրկիչ ունեցաւ, առաջինը` Քրիստոս, իսկ երկրորդը` Ս. Մեսրոպ Մաշտոց: Քրիստոս մարդկութեան փրկիչը եղաւ, իսկ Մեսրոպ Մաշտոց` հայութեան: Ան յայտնեց, որ այս տարի հայոց այբուբենի գիւտի 1650-ամեակն է եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2012 թուականի «Հայ Գիրքի տարի» հռչակումով կոչ ուղղեց նոր սերունդին դարերէն եկող աւանդը վառ պահելու:
Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ Տեառնընդառաջի իւրյատուկ այս տօնակատարութեան ընթացքին մեր հաւատքը կ՛արտայայտենք խորանէն վառուած մոմի լոյսով: Ան կոչ ուղղեց հայ ազգի մտքի, հոգիի լուսաւորութիւնը տանելու մեր տուները, ինչպէս նաեւ դաստիարակելու նոր սերունդը քրիստոնէական ու ազգային շունչով:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ առաջնորդ սրբազանը վառեց աւանդական խարոյկը, մինչ եկեղեցւոյ դպրաց դասը կ՛երգէր շարականներ եւ ազգային երգեր, իսկ հաւատացեալներ եկեղեցւոյ մայր խորանի լոյսէն մոմեր վառելով տարին իրենց տուները` զանոնք լուսաւորելու համար Քրիստոսի աստուածային լոյսով:

