ԻՐԱՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻՆ ՄԷՋ ԱԿԱՆՈՒԱԾ ՆԱՒԱԿՆԵՐ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՑԱԾ Է
Ռուսական «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պահրէյնի մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներու 5-րդ նաւատորմիղի հրամանատար, փոխծովակալ Մարք Ֆոքս յայտարարած է, որ Իրան Արաբական ծոցին մէջ իր ուժերը կ՛աւելցնէ` կեդրոնացնելով քանի մը սուզանաւեր ու անձնասպանական գործողութիւններու նպատակով ականուած նաւակներ: «Իրանեան կողմը մեծ թիւով ծովային ականներու պաշար ունի», նշած է ան:
Ֆոքս վստահ է, որ Իրան պիտի չյաջողի փակել Հորմուզի նեղուցը, որ Արաբական ծոցը կը միացնէ Օմանի ծոցին եւ որուն ճամբով կ՛անցնի աշխարհի քարիւղի մատակարարման շուրջ քառասուն առ հարիւրը:
«Եթէ մենք ոչինչ ձեռնարկէինք, անոնք թերեւս յաջողէին փակել նեղուցը», աւելցուցած է փոխծովակալը:
CATEGORIES Միջազգային

