ՃԱՏՐԱԿ. ԱՐՈՆԵԱՆ – ՔՐԱՄՆԻՔ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՎԱՅՐԸ ՅՍՏԱԿԱՑԱՒ

Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Ցիւրիխի (Զուիցերիա) ճատրակի ակումբին կազմակերպութեամբ, յառաջիկայ 21-28 ապրիլին Լեւոն Արոնեան – Վլատիմիր Քրամնիք մրցումը տեղի պիտի ունենայ Ցիւրիխի մէջ գտնուող Savoy Bavr En Ville պանդոկին մէջ:

Վերոնշեալ ակումբէն բացի, այս մրցաշարքին կազմակերպիչներն են` «Ճի. Սի.» եւ «Ասփեքօ» ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ գործատէր Օլեկ Սքվորցով:

Նշենք, որ այս մրցաշարքը առաջինն է, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն միջազգային կէտեր ունեցող 2800-է աւելի ճատրակ խաղացողներ:

 

Share this Article
CATEGORIES