50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 1 ԱՊՐԻԼ 1961 )
ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Շաբաթ մը ամբողջ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ մամուլի ցուցահանդէս մը, ուր ցուցադրութեան դրուած էին 960 հայերէն օրաթերթեր, շաբաթաթերթեր, ամսաթերթեր, պարբերաթերթեր եւ տարեգրքեր (ձեռագիր, խմորատիպ, մեքենագիր, վիմագիր ու տպագիր), ինչպէս նաեւ` հայ մամուլի պատմութեան նուիրուած ընդհանուր եւ մասնակի ուսումնասիրութիւններ, նշանաւոր խմբագիրներու նկարներով:
Ընթերցողը անմիջապէս կը կարծէ, թէ այս ցուցահանդէսին կազմակերպումը գործն է մշակութային կամ կրթական հաստատութեան մը, որովհետեւ միայն նման հաստատութիւն մը կրնայ հնարաւորութիւններ ունենալ այդպիսի ձեռնարկ մը գլուխ հանելու համար:
Եթէ յայտնենք, թէ այս ձեռնարկը գործն է սոսկական անհատի մը, Հայ աւետարանական Քոլեճի հայերէնի ուսուցիչ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի եւ իրագործուած է շնորհիւ անոր անձնական աշխատանքին, ձեռնարկին ըստ էութեան ներկայացուցած արժէքին հանդէպ մեր գնահատանքը կը միանայ կազմակերպողի տքնաջան ճիգերուն առջեւ մեր զգացած հիացումին:
Արդարեւ, հայ գիրին ու դպրութեան սիրահար մը միայն կրնայ այսքան մեծ գործի մը ձեռնարկել` առանց նիւթական որեւէ ակնկալութեան, բացի իր սէրն ու պաշտամունքը լայն հասարակութեան փոխանցուած տեսնելու խոր գոհունակութենէն:
Ցուցահանդէսին կարեւորութենէն աւելի` ուզեցինք շեշտել այս իրողութիւնը, ցոյց տալու եւ մխիթարուելու համար, որ ներկայ նիւթապաշտ դարուն, տակաւին կը գտնուին մարդիկ, որոնք իտէալի մը կը հաւատան եւ իրենց կեանքին նպատակներէն մէկը դարձուցած են մշակութային արժէքներու փառաբանումը:
Անոնք, որոնք տեսան ցուցադրուած մամուլէն նմուշներ, թերեւս զարմացան, որ այսքան մեծ թիւով հայերէն թերթեր ու պարբերականներ ունեցած ենք ի սփիւռս աշխարհի: 1794 թուականին Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ տէր Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի հրատարակած «Ազդարար»էն մինչեւ մերօրեայ թերթերը` հայկական լրագրութիւնը կտրած է 167 տարուան երկար ճամբայ մը, բախտակից իր ժողովուրդին եւ աստանդական անոր պէս: Ուժերու տարտղնում մը անշուշտ վնասած է մամուլի կազմակերպութեան, բայց ամէն տեղ ան իր դերը կատարած է` իբրեւ արթուն պահակը հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն եւ միշտ հնչեցուցած` հայութեան ձայնը, ի սփիւռս աշխարհի:
Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան ցուցահանդէսին առթիւ հրատարակած է գրքոյկ մը, ուր պատմականը ընելէ ետք հայ մամուլի ծագման ու զարգացման, որոշ թիւեր կու տայ անոր քանակին մասին: Ըստ իրեն, մինչեւ հիմա հայերէն թերթերու քանակը եղած պէտք է ըլլայ 2500-2600, հակառակ Յովհաննէս Պետրոսեանի կարծիքին, որ իր եռահատոր ցուցակին մէջ այդ թիւը ցոյց կու տայ 2000: Տէր Խաչատուրեան անհրաժեշտ կը նկատէ հայ մամուլի լիակատար ցուցակ մը` թերի գտնելով Պետրոսեանի գործը:
Դարձեալ նոյն գրքոյկին համաձայն, ներկայիս 134 օրաթերթեր եւ այլ պարբերականներ կը հրատարակուին արտասահմանի մէջ: Առաջին դիրքի վրայ կու գան Միացեալ Նահանգներ (39), երկրորդ` Լիբանան (3, յետոյ Թուրքիա (15) եւ Ֆրանսա (13):
Տէր Խաչատուրեանի գործին հանդէպ մեր գնահատականը յայտնելով հանդերձ, չենք կրնար դիտել չտալ, թէ այդ ձեռնարկը իր նպատակին ծառայելու համար պէտք է ստանայ մնայուն հանգամանք: Այսինքն` հայ մամուլի մնայուն ցուցահանդէս մը, կարելի եղածին չափ ճոխ եւ ամբողջական: Ասիկա կրնայ ընել միայն մշակութային հաստատութիւն մը, որ միջոցները ունի ապահովելու զանազան շրջաններու եւ զանազան երկիրներու մէջ հրատարակուած հայերէն թերթերը` մեր դպրութեան արժէքաւոր մէկ կալուածին մօտէն հաղորդակից դարձնելու համար լայն հասարակութիւնը: