ՅՈ՞ ԵՐԹԱՍ (QUO VADIS) ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆ
ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ
Այլ տեղ մը յօդուածագիրը կ՛ընդգծէ, թէ` «…հայութեան մօտ ստեղծուած է երկրի մեծամասնութիւնը կազմող բնակչութեան նկատմամբ անվստահութեան մթնոլորտ…»: Խօսքը բնակչութեան ո՞ր մեծամասնութեան մասին է: Թոյլ տուէ՛ք, որ իմ կարգիս ենթադրեմ, թէ խօսքը կրօնական համայնքի մեծամասնութեան մասին է:
Սուրիահայութեան փոխյարաբերութիւնները տեղացի ժողովուրդին հետ երբե՛ք հատուածական չէ եղած: Ան երկրի ցեղային եւ կրօնական բոլոր բաղկացուցիչ տարրերուն հետ յարաբերած է` մեկնելով սուրիական հայրենիքի շահերէն, ամէն քայլափոխին արաբ հանրութեան բարձրաձայն յիշեցնելով իր երախտագիտական զգացումները: Զանազան առիթներով այդ զգացումներու թարգմանութիւնը եղած են այնպիսի խօսուն նախաձեռնութիւններ, որուն պերճախօս օրինակներէն մէկը կարելի է համարել արաբ աշիրաթապետերու եւ անուանի ցեղախումբերու մեծ շուքով մեծարանքի հանդիսութիւնը Տէր Զօրի մէջ: Աւելի ուշ, զիրենք Հայաստան հիւրընկալելն էր: Հիմա պր. Քալսահակեան կրնա՞յ ըսել, թէ այդ աշիրաթապետերը երկրի ո՞ր հատուածը կը ներկայացնէին` մեծամասնութի՞ւնը, թէ՞ փոքրամասնութիւնը: «Անվստահութեան մթնոլորտ»-ի առթած ապացո՞յցն է արդեօք երկրի զանազան իսլամ կրօնաւորներու ամէն պատեհ առիթով դրական ելոյթներն ու գնահատական խօսքերը` հանդէպ հայութեան քաղաքացիի շինարար դերակատարութեան, նոյնիսկ` Հայկական հարցի արդարացիութեան: Այդ վկայութիւնները սոսկ փաղաքշական կեցուածքներ չեն, այլ կը բխին խորունկ համոզումներէ, որ ի վերջոյ զոյգ ժողովուրդներն ալ, պատմական նոյն լեղի բաժակը ճաշակած ըլլալով, նոյն ճակատագիրը բաժնեկցելու մարտահրաւէրը ունին. պայքարի նոյն խրամատին մէջ գոյակցելու ու մարտնչելու խնդիրը ունին:
Պր. Քալսահակեան խօսելով ու վերլուծելով արտագաղթի երեւոյթին մասին` կու գայ գուշակելու. «Եթէ իրավիճակը փոխուի, առաջին հերթին սուրիահայը պիտի ուզէ Պէյրութ փոխադրուիլ, անկէ ետք այլ երկիր անցնելու հեռանկարով: Անհատական մակարդակի վրայ սուրիահայը Հայաստան հաստատուելու հեռանկար չի հետապնդեր…»:
Շարունակելով իր մարգարէութիւնը` կ՛ըսէ. «Միայն ֆիզիքական անմիջական վտանգի մը պարագային սուրիահայը պիտի փորձէ Հայաստան տեղափոխուիլ, անկէ առաջ, սակայն, նախապատուութիւնը տալով Լիբանանին: Ամէն պարագայի Հայաստան (դժբախտաբար) կրնայ ծառայել որպէս հանգրուան` ֆիզիքական վտանգի սպառումէն ետք այլ տեղ գաղթելու»:
Այդ ո՞ր փորձագէտի կարծիքն է, կամ հետազօտական հիմնարկներու ուսումնասիրութիւնն է, որ ենթադրել կու տայ, թէ սուրիահայը նոր գաղթավայր ընտրելու հարցով նախասիրութիւնը պիտի տայ Լիբանանին: Բայց ամէնէն ահաւոր մեղանչումը այն ընդգծումն է, թէ սուրիահայը Հայաստան հաստատուելու հեռանկար չի հետապնդեր:
Սուրիահայը միշտ օրինակելի հայրենասէրի դասեր տուած է հայ հանրութեան: Սկսած` ներգաղթի օրերէն, գիտակցելով, որ հայրենիքի կացութիւնը այն չէ, ուր պիտի կարենայ ապահովել այն նախանձելի կեանքը ու մթնոլորտը, որ ամէն մէկ հայ երազած է այդ մասին: Հակառակ այդ մէկուն` ան առաջիններէն էր, որ ընդառաջեց հայրենիքի կանչին, տասնեակ հազարներ կայք հաստատեցին Խորհրդային Հայաստան: Տունդարձի կանչը վեր դասելով ամէն ձեւի կուսակցական կաղապարումէ` շատեր իրենց գաղափարական պաշտած հաւատամքն անգամ մէկ կողմ ծալեցին, երբ պարտադրուեցաւ իրենց ընտրել հայրենիքի կամ կուսակցական պատկանելիութեան միջեւ:
Այսօր իսկ օրինակները շատ են: «Գանձասար» շաբաթաթերթի յունուար Բ. 2012 թիւով լոյս տեսած յօդուածով` «Կովսական, տարագիր սուրիահայերի նոր բնօրրանը», Ժիրայրի կերպարը հայրենասիրութեան նորագոյն վկայակոչութեան օրինակ կրնայ ծառայել, որ հաստատուելով Արցախ, ինք եւ իր նման ընտանիքներ, հարազատ հողին միացած` կը յայտարարեն. «Սա իմ հայրենիքն է, իմ հողը, եթէ ես դրանում համոզուած չլինէի, նոյնիսկ ամսական մէկ միլիոն տոլար էլ տային, չէի գայ այստեղ: Իսկ հայրենիքը ուրիշին նուէր չեն տալիս: Աշխարհի բոլոր ծայրերում, ուր էլ ապրում է հայը, յարգուած է, բայց բոլոր տեղերում էլ նա հիւր է: Մենք պիտի մտածենք մեր հողերը, մեր տարածքները կենդանացնելու, մեր երկիրը հզօրացնելու համար: Մենք դրախտ ունենք, արժէքը չգիտենք»:
Այս ամէնուն վրայ կարելի է գումարել, որ Սուրիոյ ներքին դէպքերը տակաւին չզարգացած` սուրիահայութիւնը մրցանիշ արձանագրած էր Հայաստանի երկքաղաքացիութեան դիմումներու քանակով: Արդեօք ինչի՞ ցուցանիշ է այս երեւոյթը:
Այս բոլոր տուեալներուն լոյսին տակ սուրիահայութեան հայրենասիրութեան չափին տրուած գնահատականը, նուազագոյնը պիտի ըսել, արդար չէ ու անիրաւացի է:
Անդրադառնալով Հայաստանի պետականութեան հաւանական դերակատարութեան մասին` յօդուածագիրը կը տեսնէ անզօրութիւն Հայաստանի կառավարութեան կողմէ, «ընդունելու եւ տեղաւորելու հայ զանգուածները»: Շարունակելով` կը պարզէ, որ` «Մինչեւ որ Հայաստան նուաճէ այդպիսի կարգավիճակ, Միջին Արեւելքի հայերը անցած պիտի ըլլան պատմութեան գիրկը կամ այնքան համակերպած պիտի ըլլան իրենց նոր կամ վերածաղկած միջավայրերուն, որ այլեւս Հայաստան անոնց համար պիտի ունենայ խիստ վերացական արժէք»:
Այսպիսով, Հայաստան հաստատուելու հեռանկար չհետապնդելու կողքին, Միջին Արեւելքի հայութիւնը պիտի դառնայ թանգարանային իր, յուշագրութիւն, իսկ Հայաստանը պիտի վերածուի «խիստ վերացական արժէքի»` ցնորքի:
Նման պատրանքներ հիւսողը պէտք է շռնդալից յայտարարութիւններուն նոր ընթերցողներ որոնէ, որովհետեւ հայ ընթերցողը միայն ափսոսանքով պիտի արձանագրէ, որ նման մեկնաբանութիւններ դոյզն իսկ պիտի չպակսեցնէ իր անքակտելի հայրենասիրական հաւատքէն, ու Հայաստանը պիտի շարունակէ մնալ որպէս մնայուն գերագոյն արժէք բոլոր վտարանդի հայորդիներուն, որոնք օր մը պիտի միանան սուրիահայ գրագէտ Անդրանիկ Ծառուկեանի ու աղաղակեն.
Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Մի վայրկեանի մէջ օրով կանաչես,
Տիեզերքի դէմ փառքով ճաճանչես,
Հոգուդ ժպիտով մեր վիշտը ջնջես,
Մի օր էլ դարձի շեփորը հնչես
Եւ պանդուխտներիդ հայրենիք կանչես`
Հէյ ջա՜ն Երեւան…
Արդարեւ, ի տես Միջին Արեւելքի քաղաքական ու տնտեսական աննպաստ զարգացումներուն ու միջազգային ուժերու մրցակցութեան տենդոտ հեւքին, հոն հաստատուած հայ զանգուածները կարիքը ունին բանիմաց ու զգօն կոչերու, յորդորներու, միահամուռ կեցուածքներու, որպէսզի հեռու մնան բոլոր տեսակի չարիքներէ ու փորձութիւններէ, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կը նիւթուին իրենց շրջապատին մէջ` վտանգելով հայ գաղութի խաղաղ ու կենսունակ գոյութիւնը:
Ի մասնաւորի սուրիահայութիւնը, ներկայացուած իր կրօնական ու հասարակական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներով, ժողովրդային լայն զանգուածներով, նոյն այս խոհականութիւնն ու վարքագիծը պաշտպանելով, փարելով ցեղի առողջ դատողութեան` պիտի կարենայ նուազագոյն ցնցումներով հայութիւնը դուրս բերել այս ճգնաժամէն:
Թորոնթօ, Քանատա
(Շար. 2 եւ վերջ)

