ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԻ 1561-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան երէկ` չորեքշաբթի, 15 փետրուար 2012-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց ճակատամարտի 1561-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի աշակերտ Մեղրի Պետրոսեան: Ան նկատել տուաւ, որ Աւարայրի ճակատամարտը փայլուն օրինակ մըն է, թէ ինչպէ՛ս փոքր ազգեր կը դառնան հսկայ` պայքարելով ի սէր ազատութեան: Ան նաեւ շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը անցեալին հաւատաց, ներկայիս կը հաւատայ եւ ապագային նաեւ պիտի հաւատայ, որ պիտի հասնի իր մեծ երազին իրականացման` «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումին»:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ կը բովանդակէր երգեր (Եղիշէ Մանուկեան, Աքսոր Գասարճեան, Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան), արտասանութիւն (Աբգարեան, Ռուբենեան), թատրոն (Ս. Խանամիրեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց) եւ պար (Եղիշէ Մանուկեան):
Աշակերտական խօսքը արտասանեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտ Նաթալի Մարկոսեան: Ան յայտնեց, որ 15 դարեր առաջ Վարդանանք նահատակուեցան պահպանելու համար հայրենիքը, կրօնն ու լեզուն եւ իրենց անգին արեամբ վճարեցին օտարի լուծէն ազատելու եւ ազգային ինքնութիւնը պահպանելու սուղ գինը: Ան հաստատեց, որ շնորհիւ մեր պապերու ապստամբութեան, պայքարին, ազատատենչ ոգիին եւ նահատակութեան, այսօր մենք հպարտութեամբ կը կրենք հայ անունը, որ իր ուրոյն տեղը կը գրաւէ երկրագունդի վրայ: Եզրափակելով իր խօսքը` Նաթալի Մարկոսեան յորդորեց աշակերտները ուխտելու` սերտելու մեր դարաւոր պատմութիւնը, ապրելու հայու արժանաւոր կեանքով եւ աշխատելու` ապագան դարձնելու լուսաւոր եւ յաղթական` հաւատքով, կամքով եւ կորովով:
Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան հարց տուաւ աշակերտներուն, թէ ի՞նչ է այս հանդիսութեան նպատակը եւ ի՞նչ ըսել ուզեցին այս ձեռնարկով: Սրբազանը բացատրեց, որ Սրբոց Վարդանանց տօնը մեր պատմութեան մէջ կարեւոր դէպք մըն էր, որուն համար 451 թուականին ամբողջ Հայաստանը կռիւի մէջ էր: «Ներկայիս հայ ժողովուրդի զաւակները, որոնք հայ դպրոցի մէջ կը մեծնան, հայոց պատմութեան հարազատութեամբ կը մեծնան», շեշտեց սրբազանը` աւելցելով, որ Վարդանանց բանակը չվերջացաւ, որովհետեւ յաջորդական սերունդներ գալով կազմեցին Վարդանի բանակ: «Վարդանի բանակը հայ աշակերտն է: Ամէն հայ դպրոցի աշակերտ Վարդանի զինուոր է, եւ որքան մեծնաք` ձեր աստիճանը կը բարձրանայ Վարդանի բանակին մէջ», հաստատեց Գեղամ արք. Խաչերեան` աւելցնելով, որ իրենց զէնքը հայութիւնը պահելն է:
Առաջնորդ սրբազանը բացատրեց, որ եթէ մենք մնանք մեր հայկականութեան վրայ, այն ատեն մենք նոյն գործը ըրած կ՛ըլլանք, ինչ որ ըրին Վարդանանք: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ հայ աշակերտներուն ճամբով եւ հայ աշակերտներու շնորհիւ Վարդանը տակաւին յառաջ կ՛երթայ:


