ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԲԱՆԱԿԻ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՆԱԽԿԻՆ ՊԵՏԸ ՑԿԵԱՆՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ
Պոլսոյ մէկ դատարանը որդեգրեց Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի նախկին պետ զօր. Իլքեր Պաշպուղը խստացուած համակարգով ցկեանս բանտարկութեան դատապարտելու մասին մեղադրական հռչակագիրը:
Անցեալ ամիս Պոլսոյ 13-րդ դատարան ներկայացուած մեղադրական հռչակագիրին մէջ Պաշպուղ մասնաւորաբար կը մեղադրուի «ահաբեկչական կազմակերպութիւն հիմնելու կամ ղեկավարելու եւ ուժի միջոցով Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութեան տապալման ծրագիրներ ունենալու» յանցանքով: Պաշպուղ հերքած է մեղադրանքները:
Ան ըսած է, որ «Թուրքիոյ զինեալ ուժերը աշխարհի մէջ ամէնէն ուժեղներէն եւ ամէնէն յարգուածներէն են: Այս զինեալ ուժերը ահաբեկչական կազմակերպութիւն հիմնելու կամ ղեկավարելու համար մեղադրելը պարզապէս ողբերգական երգիծանք է»:
Զօր. Պաշպուղ 6 յունուարին ձերբակալուած էր «Էրկենեքոն» գաղտնի ծրագիրի գործով եւ տեղափոխուած Սիլիվրիի բանտ: Նշենք, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ ասիկա առաջին անգամն է, որ այսպիսի բարձրաստիճան նախկին բանակային մը ճաղերու ետեւ կ՛ուղարկուի:


