«ՄԵԾԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐԱԿԱՐԳԸ ԳՈՐԾԻՔ Է ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ

Արմէն Ռուստամեան

100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգի անցնելու վերաբերեալ խորհրդարանական լսումներուն ժամանակ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան անհիմն նկատեց այն պնդումները, որ արդէն ուշ է ընտրական օրէնսգիրքը քննարկելը եւ անոր մէջ որեւէ փոփոխութիւն կատարելը:

Ան նշեց, որ ընդամէնը վերջին քառօրեային ընթացքին համաձայնական կառավարութիւնը փորձեց ընդունիլ օրինագիծ մը, որ անմիջականօրէն կ՛առնչուէր ընտրական հոլովոյթին եւ կապուած էր յանձնախումբերու ձեւաւորման հետ:

Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, համամասնական ընտրակարգին անցնելու հարցին մէջ քաղաքական դաշտին վրայ «փոխադարձ համաձայնութիւն նուազ մէկ» ձեւաւորուած է, եւ այդ մէկը Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնն է:

Դաշնակցական պատգամաւորը յայտարարեց, որ մեծամասնական ընտրակարգը դարձած է լուրջ գործիք ընդդիմութիւնը դուրս մղելու եւ իշխանութեան վերարտադրութեան համար: Ըստ անոր, ասիկա ապացուցելու կարիք չկայ: Ան շեշտեց նաեւ, որ առանց համամասնական ընտրակարգին անկարելի է ժողովրդավարական ընտրութիւններ կատարել:

 

Share this Article
CATEGORIES