ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻՆԵՐ» ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց հայկական երկաթուղիի հաւատարմագրային կառավարումը ստանձնած «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան նախագահ Վլատիմիր Եաքունինը:

Հայաստանի նախագահին մամլոյ գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, Եաքունին ներկայացուցած է «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան նոր նշանակուած ընդհանուր տնօրէն Վիքթոր Ռեպեցը` բարձր գնահատելով անոր մասնագիտական ունակութիւնները եւ աշխատանքային փորձառութիւնը:

Զրուցակիցները անդրադարձան հայկական երկաթուղիի զարգացման հեռանկարին եւ նախատեսուող ծրագիրներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES