ԹԵՆԻՍ. ՊՐԱԶԻԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ՍԻՄՈՆԻՆ

Սան Փաուլոյի մէջ (Պրազիլ) տեղի ունեցող Պրազիլի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 11-րդ դիրքը գրաւող ֆրանսացի Ժիլ Սիմոնը:

Քառորդ աւարտականի մրցումներուն Նալպանտեան իրեն մրցակից պիտի ունենայ իտալացի Ֆիլիփօ Վոլանտրին, որ դժուարութեամբ 6-4, 1-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց սպանացի Ռամիրես Իտալկոյին:

 

Share this Article
CATEGORIES