ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ (ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՄԱՆ 24-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
ԺԱՔ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
24 տարի առաջ, փետրուարեան այս օրերուն, երբեմնի Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Ստեփանակերտ կեդրոնի եւ Խորհրդային Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ ղարաբաղեան շարժումը` գլխաւոր նպատակ ունենալով սրբագրել 1923-ին Համայնավար կուսակցութեան կովկասեան բիւրոյի որդեգրած ստալինեան կամայական մէկ որոշումը եւ Լեռնային Ղարաբաղը վերամիացնել Մայր հայրենիքին: 21 փետրուար 1988-ն հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ անմոռանալի թուական: Այդ օր Երեւանի այժմու Ազատութեան հրապարակին վրայ համախմբուեցան շուրջ մէկ միլիոն հայորդիներ, որոնք Հայաստանի մայրաքաղաքին երկնակամարը լեցուցին «Միացում» եւ «Ղարաբաղը մերն է» կարգախօսներով:
Փետրուարեան այդ սքանչելի օրերուն տրուած ղարաբաղեան կայծը շուտով բոցավառեց հայոց սրտերը եւ ազդանշանը դարձաւ հայ ազգային նորօրեայ զարթօնքին, այն բանէն ետք, երբ խորհրդային ամբողջատիրական 70-ամեայ լուծին ընթացքին խեղդուած էին ազգային իրաւունքներու ձեռքբերման տենչերը հայրենի ժողովուրդին մօտ: Խորհրդային «վերակառուցման» եւ «հրապարակայնութեան» կարգախօսներուն պայմաններուն մէջ հայրենի ժողովուրդը նոր շունչ մը կ՛առնէր, ազատութեան հովերը դարձեալ կը փչէին հայոց աշխարհի արարատեան հայաբնակ երկրամասին մէջ եւ շուտով ազատութեան այդ հովերուն շնորհիւ կարելի կը դառնար նոյնիսկ վերականգնել հայոց անկախ պետականութիւնը, իբրեւ անմիջական իրաւայաջորդը 28 մայիս 1918-ին կերտուած անկախ հանրապետութեան:
Ղարաբաղեան շարժումի սկզբնաւորումը 24 տարի առաջ նորովի իմաստաւորում տուաւ հայոց պահանջատիրական պայքարին: Հայրենատիրութեան գաղափարները վերստին ամրագրուեցան հայ քաղաքական մտքին մէջ, այն բանէն ետք, երբ կը կարծուէր, թէ անկարելի է խօսիլ հողային որեւէ պահանջատիրութեան մասին, ըլլայ Խորհրդային Միութեան սահմաններուն մէջ գտնուող հայկական պատմական տարածքներուն թէ Թուրքիոյ գրաւած հայապատկան հողերուն գծով եւ ահաւասիկ, «Ղարաբաղը մերն է» եւ «Միացում» կարգախօսները եկան այլ բան ըսելու, եկան ըսելու, որ կարելի է եւ անհրաժեշտ է դնել հողային պահանջի հարցը` իբրեւ ազգային գոյատեւման առումով անհրաժեշտ նախապայման:
Այո՛, ղարաբաղեան շարժումը այդքան ալ դիւրին չընթացաւ, քաղաքական խաղաղ պահանջատիրութիւնը արագօրէն եւ ստիպողաբար վերածուեցաւ զինեալ պայքարի, բայց ղարաբաղեան ազատագրական պայքարը երբեք իր կողմնացոյցը չկորսնցուց, նոյնիսկ երբ մարտավարական հաշիւներով միացման անմիջական պահանջը փոխարինուեցաւ հայկական երկրորդ անկախ պետական միաւորումի մը ստեղծումով: Արցախեան ազատագրական պայքարի կողմնացոյցը մնաց միեւնոյնը` արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը: Այս իրաւունքի կիրարկման շնորհիւ այդ հարազատ հայկական հողամասը` պատմական Արցախը իր ժողովուրդով վերադարձաւ հայութեան գիրկը: Եւ վերադարձաւ հայութեան գիրկը շնորհիւ Հայաստանի եւ սփիւռքի հետ ստեղծուած եռամիասնութեան, որ նաեւ կը ներկայանայ իբրեւ հիմնական երաշխիք Արցախի Հանրապետութեան գոյատեւման:
Ղարաբաղեան շարժումին արդիւնքներէն մէկը եղող Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը ներկայիս մանաւանդ կը ներկայանայ իբրեւ հայութեան ուժի աղբիւրներէն մէկը, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ աշխարհաքաղաքական ծանր պայմանները նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը դնեն համայն հայութիւնը: Այս եռամիասնութեան ուժգնութիւնը, հզօրութիւնը ի յայտ կու գայ մասնաւորաբար իւրաքանչիւր տարուան նոյեմբեր ամսուն, երբ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը կազմակերպէ իր տարեկան դրամահաւաքի նախաձեռնութիւնը, եւ Հայաստանէն, Արցախէն թէ սփիւռքէն հայորդիներ առատաձեռն նուիրատուութիւններով կը մասնակցին մասնաւորաբար Արցախի ենթակառոյցներու շինարարութեան աշխատանքին:
Ղարաբաղեան շարժումը հայոց ժամանակակից պատմութեան լուսաւոր եւ փայլուն էջերէն մէկն է: Տարակոյս չկայ, որ ղարաբաղեան հարցը, շարժումի սկզբնաւորումէն ի վեր իր պարզած առանցքային նշանակութեան համար հայ քաղաքական մտքին համար դարձաւ Հայ դատի լուծման առաջնահերթ հանգրուան: Այսօր եւ հայ քաղաքական մտքի մտորումները կը կեդրոնանան նախ եւ առաջ ղարաբաղեան հարցի արդարացի եւ հայանպաստ լուծման անհրաժեշտութեան վրայ: Եւ հարցին արդարացի լուծման անմիջական քայլերէն կը հանդիսանան վերաբնակեցման համապարփակ ու պետական ծրագիրի մը մշակումը, որուն գործադրութեան մէջ լայն տեղ տրամադրուած ըլլայ մանաւանդ քաղաքացիական հասարակութիւնը, եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը` իբրեւ անկախ պետականութիւն:
Այլեւս անդառնալի է պատմութեան ընթացքը Լեռնային Ղարաբաղի` Արցախի համար: Ղարաբաղեան շարժումի սկզբնաւորումէն ի վեր շեշտուեցաւ, որ Արցախը անդառնալիօրէն վերադարձած է հայութեան գիրկը: Այս իրականութիւնը չեն կրնար անտեսել Պաքուի վարիչները, որքան ալ խարդաւանքներ նիւթեն: Նոյնիսկ անոնց կողմէ վերջերս շեփորահարուած Մինսքի խմբակի ձեւաչափի փոփոխութեան կամ համանախագահող կողմերու փոխարինման առաջադրանքները ոչինչ կրնան փոխել տիրող կացութենէն: Որովհետեւ Ղարաբաղը մերն է, մերն ալ պիտի մնայ:

