ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ` «ԷՀԼԱՆ» ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ
Կազմակերպութեամբ «Էհլան» ընկերային կեդրոնին եւ Ռաուտայի մատրան, ուրբաթ, 17 փետրուարի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Էհլան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց հերոսամարտի 1561-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ:
Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Շողիկ Եփրեմեան: Ան ընթերցեց Դերենիկ Դեմիրճեանի «Վարդանանք» գործէն հատուած մը: Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` կատարողութեամբ «Էհլան»-ի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներուն, որոնք ներկայացուցին խմբային եւ անհատական երգեր, արտասանութիւններ, սաղմոս եւ բեմական զրոյց:
Օրուան պատգամաբերն էր Ռաուտայի մատրան հովիւ Սեւակ քհնյ. Վասիլեան: Բանախօսութեան նիւթն էր «Ի՞նչ պիտի պատգամէր Վարդան 2012-ին ամբողջ հայութեան»: Տէր հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց Վարդանանց ճակատամարտին վրայ եւ հաստատեց, որ հայ ազգը, հակառակ անոր որ փոքր ածու մըն է, սակայն ունեցած է հերոսական խոյանքներ եւ աննկարագրելի սխրագործութիւններ:
Ան հարց տուաւ, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ ահազանգ է եւ մարտահրաւէրները անպակաս են, արդեօք ի՞նչ պիտի պատգամէր Վարդան ամբողջ հայութեան: Սեւակ քհնյ. Վասիլեան նկատել տուաւ, որ եթէ Վարդանանք լռեն, մեր եկեղեցիներուն քարերը պիտի աղաղակեն, մեր դիւցազուններուն ոսկորները պիտի սարսռան գերեզմաններուն մէջ, մեր սուրբերը երկինքի մէջ պիտի խօսին, թէ ինչո՞ւ մենք այսօր կը կորսնցնենք մեր հայեցի պատկանելիութիւնը եւ մեր ժողովուրդը մարմնապէս, մտապէս եւ հոգեպէս կը հեռանայ հայ մշակոյթէն ու եկեղեցիէն, եւ հայը կը կորսնցնէ իր ազգային նկարագիրն ու արժանապատուութիւնը` մոռնալով իր դարաւոր պատմութիւնն ու գրականութիւնը:
Քահանայ հայրը բացատրեց, որ ներկայ պայմաններու մէջ Վարդան պիտի մտածէր հայ երիտասարդներուն համար գծել ուղի մը, որպէսզի անոնք կարենան ուղիղ կերպով քալել կեանքի քարքարոտ ճանապարհէն` աւելցնելով, որ այդ մտածումը պիտի ընդգրկէր 5 տուեալներ, որոնք միանալով պիտի կազմէին բռունցք` յաղթահարելու համար կեանքի դժուարութիւնները. ա) Սէր մարդու, ազգի, հայրենիքի եւ Աստուծոյ նկատմամբ, բ) Հաւատք եւ հաւատամք, գ) Գաղափար եւ գաղափարաբանութիւն` լեզուի պահպանում, դ) Վառ երազ ծրագիրներու եւ նպատակներու իրագործման, ե) Նոր տեսլականի եւ նորանոր հորիզոններու ձգտում:
Բանախօսութեան աւարտին Սեւակ քհնյ. Վասիլեան պահպանիչով փակեց ձեռնարկը:


