ԻՐԱՆԻ, ԼԻԲԱՆԱՆԻ, ԻՐԱՔԻ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՄԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Իրանեան ԻՐՆԱ պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի, Լիբանանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ Իրան ելեկտրական հոսանք պիտի մատակարարէ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի:

Համաձայնութիւնը ստորագրուեցաւ ներկայութեամբ Իրանի ուժանիւթի նախարար Մոհամետ Պահզատի, Իրաքի ուժանիւթի նախարար Ատել Մեհտիի, Սուրիոյ ուժանիւթի նախարարի օգնական Հիշամ Մուշֆեժի եւ Լիբանանի ուժանիւթի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նեժիպ Սալեհի:

Համաձայնագիրի ստորագրութեան ընթացքին Պահզատ շեշտեց, որ նախապէս Իրաքի հետ ստորագրուած է համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ հազար մեկաուաթ ելեկտրականութիւն պիտի մատակարարուի անոր, սակայն ելեկտրականութիւնը նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մատակարարելու նպատակով այդ քանակը բարձրացաւ 1300 մեկաուաթի:

Կը նախատեսուի, որ ելեկտրական հոսանքի մատակարարումը սկսի երկու ամիս ետք` վերոնշեալ չորս պետութիւններուն կողմէ այդ համաձայնագիրին վաւերացումէն ետք:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES