ՊԸՐՐԻ – ՄՈՐԱՊԵԹՕ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն` ներկայութեամբ տեղեկատուութեան հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:
Հանդիպումէն ետք Մորապեթօ յայտնեց, որ Իտալիա յանձնառու է Լիբանանի խաղաղութեան, կայունութեան, գերիշխանութեան եւ միասնականութեան պահպանումին:
Ան աւելցուց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները եւ յայտնած, թէ Իտալիա մտահոգ է Լիբանանի վրայ Սուրիոյ դէպքերուն ունենալիք հետեւանքներով:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ յայտնեց, որ շաբաթավերջին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Պըրրիի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը դրական էր` մաղթելով, որ յառաջիկայ օրերուն այդ հանդիպումին արդիւնքները դրսեւորուին:
Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ Աունի հետ իր ունեցած հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ ինք ոչ մէկ նախաձեռնութիւն առաջարկած է` լուծելու կառավարութեան դիմագրաւած տագնապը:
«Սաֆիր» օրաթերթին կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Պըրրի շեշտեց, որ զօր. Աունի հետ յարաբերութիւնները բացառիկ են` նկատել տալով միաժամանակ, որ իրենց միջեւ հանդիպումները հազուադէպ են` ապահովական պատճառներով:


