ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՄԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ

Անցեալ ուրբաթ օր Ստեփանակերտի մէջ սկսաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 20-ամեակին նուիրուած` «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակը. իրողութիւններ եւ հեռանկարներ» նիւթով միջազգային գիտաժողովը, որ տեղի կ՛ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 20-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան կազմակերպման եւ համակարգման պետական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի Սահմանադրական իրաւունքի կեդրոնի, քաղաքական գիտութեան Հայաստանի ընկերակցութեան մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ «News.am» լրատուական-վերլուծական գործակալութեան գործընկերութեամբ:

Արտասահմանէն ժամանած մասնակիցներու շարքին կը գտնուէին Համպուրկի համալսարանի դասախօս Օթթօ Լիւխթերհանտթ, Յունաստանի Պաշտպանութեան ազգային դպրոցի, օդուժի հիմնարկի ռազմավարութեան գծով խորհրդական, դասախօս Նիքոս Լիկերոս, Ռուսիոյ Նորագոյն պետութիւններու միջազգային հիմնարկի տնօրէն Ալեքսէյ Մարթինով, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ մասնակիցներ:

Գիտաժողովին ընթացքին քննարկուեցան «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան իրաւական հիմքերը», «Լեռնային Ղարաբաղի տեղը եւ դերը շրջանային եւ միջազգային հոլովոյթներուն մէջ» եւ «Ղարաբաղեան հիմնահարցը` իբրեւ համազգային խնդիր» նիւթերը: Քննարկումները շարունակուեցան նաեւ շաբաթ օր:

Գիտաժողովի օրուան երկրորդ կիսուն գիտաժողովի մասնակիցները այցելեցին Գանձասար եւ Տիգրանակերտ, իսկ երեկոյեան մասնակցեցան ղարաբաղեան շարժման սկզբնաւորման 24-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական համերգին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES