ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԿՈՉԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԻ

Սթիվըն Հարփըր

Հակադարձելով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ պետական յայտարարութիւններ չկատարելու մասին քանատացի պաշտօնատարներուն կողմէ կատարուած կոչին եւ այդ կոչը դատապարտող Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ կատարուած քննադատութեան` Քանատայի քաղաքացիական եւ գաղթականական հարցերու նախարարութիւնը հինգշաբթի, 16 փետրուարին վերահրատարակած է Քանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի կողմէ 24 ապրիլ 2011-ին կատարուած այն յայտարարութիւնը, ուր վարչապետը Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը կը հաստատէ:

Յայտնենք, որ երեքշաբթի, 14 փետրուարին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի տնօրէն Ռուբէն Գույումճեան եւ Քանատայի խորհրդարանի անդամ Ճիմ Գարիճիանիս մամլոյ ասուլիսով մը հանդէս եկած էին Քանատայի խորհրդարանի մամլոյ սրահին մէջ, եւ կոչ ուղղած էին Քանատայի կառավարութեան, որ Հայոց ցեղասպանութեան գծով երկրի քաղաքական դիրքորոշումը յստակացնեն քանատացի դիւանագէտներուն:

Նոյն օրը, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը, ուր Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը պահանջէր, որ աչալրջօրէն հսկէ Հայոց ցեղասպանութեան գծով կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան առնչութեամբ` իր բաժանմունքի պաշտօնատարներուն իմացութեան, եւ եթէ անհրաժեշտ ըլլայ` դաստիարակչական յատուկ ծրագիրով անոնց ծանօթացնէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը դատապարտող Քանատայի կառավարութեան դիրքորոշումը:

Քանատայի կառավարութեան կողքին, երկրի ծերակոյտն ու խորհրդարանը եւս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES