ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՌԻԱՏԻ ՊԷՅՐՈՒԹ – ՇԱՆՎԻԼ` 82-71
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ եւ դարձի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Մանարայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռիատի Պէյրութ – Շանվիլ սպասուած գագաթի ճակատումը, որ աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 82-71 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 19-17, 19-5, 20-20 եւ 24-27:
Գրաւելու համար վերջնական դասաւորման պարագլուխի դիրքը` Ռիատի պէտք ունէր նուազագոյնը վեց կէտի տարբերութեամբ յաղթանակի մը: Այսպիսով, անիկա վերջնական դասաւորման մէջ հանդիսացաւ առաջին` ապահովելով 46 կէտ եւ մէկ կէտով գերազանցելով Շանվիլը:
Նշենք, որ այս տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը օտար իրաւարարներ հրաւիրած էր Լիբանան:
Ստորեւ կու տանք վերջնական դասաւորումը, նախքան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն սկսիլը.
ԿԷՏ ՅԱՂԹ. ՊԱՐՏ.
1.- Ռիատի Պէյրութ 46 15 1
2.- Շանվիլ 45 15 1
3.- Անիպալ 34 9 7
4.- Սաժես Պէյրութ 30 7 9
5.- Պըժժէ 30 7 9
6.- Պիպլոս 30 7 9
7.- Մութթահետ 28 6 10
8.- Հուփս 26 5 11
…………………………………………………..
9.- Անդրանիկ Պէյրութ 18 1 15
ՆՇԵՆՔ, որ Հաուշ Ումարա արդէն իսկ փոխադրուած է Բ. դասակարգ` ախոյեանութիւնը կիսատ ձգելուն համար, մինչ Անդրանիկ փլէյ-օֆի մրցումներուն պիտի մասնակցի Բ. դասակարգ չփոխադրուելու համար:

