ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ` ՀՄԸՄ-Ի ՏԱՐԱԶԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հայ սկաուտի օրը այս տարի տարբեր ձեւով նշուեցաւ Լիբանանի մէջ: Արդարեւ, հայ սկաուտին դերն ու անոր գործունէութեան կարեւորութիւնը առաւել եւս լուսարձակի տակ առնելու նպատակով, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան կիրակի, 19 փետրուարին հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի բոլոր մասնաճիւղերու խմբապետական կազմերը, երէցներն ու պարմանուհիները, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին ներկայացուցիչները:

Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին մասնակցելէ ետք սկաուտներն ու անոնց պատասխանատուները Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ առաջնորդ սրբազանին ճաշի հիւրը եղան: Այս հաւաքոյթին ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ներկայացուցիչներ:

Այս հրաւէրին համար շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Վաչէ Նաճարեան, որ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ սկաուտները այս առիթով եկած էին իրենց օրհնութիւնը առնելու առաջնորդ սրբազանէն: Անոր համաձայն, սկաուտները նաեւ Գեղամ արք. Խաչերեանի հետ` իբրեւ իրենց հոգեւոր հայրը, կը բաժնեկցին իրենց դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները:

Ապա խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ ողջունեց նման նախաձեռնութիւններ, որոնք լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ գործող սկաուտական միաւորներուն հետ հանդիպումի աւանդական առիթներու կարելի է վերածել: Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանն ու ՀՄԸՄ-ը երբեք տարբեր չեն եղած իրարմէ, այլ` անոնք հանդիսացած են իրարու ամբողջացնող կառոյցներ:

Գ. Մկրտիչեան հաստատեց, որ երբ Հայաստանը տակաւին անկախացած չէր, սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ տիրական ներկայութիւն եղող առաջնորդարանները կը հանդիսանային հայութեան պետութիւնները, քաղաքական ժողովները` կառավարութիւնները, իսկ գաւառական ժողովները` խորհրդարանները: Ան նշեց, որ երկար տարիներ այդպէս գոյատեւած են հայկական գաղութները, ուր ՀՄԸՄ-ը եւս կանգնած է առաջնորդարաններուն կողքին, ունեցած է իր դերն ու ներդրումը`  իբրեւ կամաւոր բանակ:

Աւարտին իր պատգամը ուղղեց Գեղամ արք. Խաչերեան, որ անդրադարձաւ առաջնորդարանի աշխատանքներուն ՀՄԸՄ-ական տարազաւորներու մասնակցութեան, անոնց ներկայութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ սկաուտական շարքերուն մէջ ծաւալած հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան: Ան նշեց, որ նման հանդիպումներ կարեւոր են եւ աւանդական պիտի ըլլան, որպէսզի մնայուն կապ հաստատուի ՀՄԸՄ-ականներուն հետ, որոնք կամաւոր աշխատանքի լաւագոյն տիպարներն ու օրինակներն են:

Իր խօսքի աւարտին ան օրհնեց սկաուտները, գնահատեց անոնց տարած աշխատանքը եւ քաջալերեց զանոնք շարունակելու իրենց ազգանուէր ու կարեւոր գործունէութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES