ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթ կէսօրէ ետք Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին նիստը, որուն կը մասնակցէին Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեան:
Հայկ Դեմոյեան Լիբանան կը գտնուի հրաւէրովը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` մասնակցելու համար «Ճանաչումէն` հատուցում» թեմայով Անթիլիասի մէջ տեղի ունենալիք միջազգային գիտաժողովին:
Աշխատանքային նիստի օրակարգին մաս կը կազմէին 100-ամեակին ընդառաջ Լիբանանի մէջ կազմակերպուող եւ ծրագրուած աշխատանքները, 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի աշխատանքային ուղղութիւնները եւ կեդրոնական յանձնախումբին եւ Լիբանանի մարմինին յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին համատեղ իրականանալիք աշխատանքները:
Այս առումով նկատի առնուած են Հայաստանի արուեստի խումբերու մասնակցութեամբ համերգներու, խորհրդաժողովներու, շրջուն ցուցահանդէսներու եւ օտար թէ հայ հասարակութիւններուն ուղղուած տարբեր ձեռնարկներու ծրագիրներ:
Ժողովը ճշդեց նաեւ Կեդրոնական յանձնախումբին եւ Լիբանանի մարմինին միջեւ մնայուն աշխատանքի համակարգումի եղանակները:
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

