ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹ – ՔԱՀՐԱՊԱ` 97-84
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 20 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Քահրապան:
Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի տղոց յաղթանակով` 97-84 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 29-19, 23-20, 25-22 եւ 20-23:
Ռուտի Ֆարրաժ նշանակեց 26 կէտ, ապա յաջորդաբար` Երուանդ Աւագեան (16), Գօգօ Մեսչեան (11) եւ Սեւակ Քեթենճեան (9):
Երկու կազմերը վաղը` չորեքշաբթի, 22 փետրուարին իրարու դէմ պիտի գան Քահրապայի դաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 19:00-ին:
Իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային, ՀՄԸՄ պիտի ապահովէ կիսաւարտականի իր տոմսը:
CATEGORIES Մարզական


