ԲՈՂՈՔ` ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՐԱՑՈՂ ԻՒՂՈՒՐԻ ԴԷՄ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը հինգշաբթի, փետրուար 9-ին բողոքի նամակ մը յղած էր Քալիֆորնիոյ Դեմոկրատ կուսակցութեան` դատապարտելով կուսակցութեան Յառաջդիմական համախմբումը, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող թուրք մը` Չենք Իւղուրը, հրաւիրած էր ելոյթ ունենալու կուսակցութեան համագումարին ընթացքին: Նման բողոքագիր մը յղած էր նաեւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ դեմոկրատներ կազմակերպութիւնը: Համագումարը տեղի ունեցաւ անցած շաբաթավերջին, Սան Տիէկոյի մէջ:
Այս բողոքներուն հիման վրայ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին մէջ 50-րդ ընտրատարածքի (Սանթա Մոնիքա) ներկայացուցիչ Թորի Օզպըրն որոշեց չմասնակցիլ Իւղուրի մասնակցութեամբ կայանալիք քննարկումին` յաւելեալ ճնշում բանեցնելով Յառաջդիմական համախմբումին վրայ, որ սակայն անզիջող մնաց իր որոշումին վրայ` միաժամանակ շեշտելով, թէ նեցուկ կը կանգնի Քոնկրեսին ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւերուն:
Համագումարին մասնակից հայ եւ յոյն պատգամաւորներ եւս բողոքներ նեկայացուցին այն իրողութեան համար, որ Իւղուր ոչ միայն Ցեղասպանութիւնը կ՛ուրանայ, այլ Ցեղասպանութիւնը իրագործած շարժումին` «Երիտասարդ թուրքեր»ու անունով կոչած էր իր ձայնասփիւռի ծրագիրը:
Նախքան ձեռնարկը` Իւղուրի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու մասին ըսուած խօսքերը բաժնուեցան մասնակիցներուն: Նախքան իր խօսքը արտասանելը` Իւղուր պնդեց, թէ ինք հայերուն վնաս հասցնելու նպատակ չունի, կամ հայերուն նկատմամբ ատելութիւն չունի` իբրեւ փաստ ներկայացնելով այն իրողութիւնը, որ իր ծրագիրի խօսնակներէն մէկը Անա Գասպարեան անունով հայուհի մըն է: Սակայն ան ուղղակի չանդրադարձաւ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու մասին իր կատարած յայտարարութիւններուն, որուն պատճառով` ձեռնարկին մասնակցած հայերուն մէկ մասը, իբրեւ բողոք, հեռացաւ սրահէն, իսկ մնացեալները իրենց կռնակները Իւղուրին դարձուցած` հետեւեցան անոր արտայայտութիւններուն:
Շարք մը պաշտօնատարներ, ներառեալ` Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամներ Չաք Քալտերոն, Մայք Կաթօ եւ Ճենիս Հան, ցուցարարներուն մօտենալով` իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին անոնց:

