ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Սումկայիթեան եղեռնագործութեան 24-ամեակին առիթով Սումկայիթի զոհերու յիշատակին հոգեհանգստեան եւ պաշտամունքի արարողութիւններ պիտի կատարուին հայ յարանուանութիւններու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, կիրակի, 26 փետրուար 2012-ին, եկեղեցական արարողութիւններուն ընթացքին:

Նոյն օրը, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ կատարուելիք հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ յիշատակի հաւաք, որուն ընթացքին խօսք պիտի առնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս:

 ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

 

Share this Article
CATEGORIES