ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ՀԻԹ ՅԱՂԹԵՑ ՈՒԻԶԸՐՏԾԻ` 123-107 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 13 ճակատումներ:
Մայեմի Հիթ, իր յաղթանակը, արձանագրեց իր դաշտէն դուրս` 123-107 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 35 կէտ, իսկ անոր խմբակից Տուայն Ուէյտ` 33 կէտ: Ուիզըրտծի մարզիկներէն Ճորտըն Քրոֆըրտ նշանակեց 39 կէտ:
Երէկուան մրցումներուն 39 կէտ նշանակեց նաեւ Քարմելօ Անթոնի, երբ անոր կազմը` Նիւ Եորք Նիքս, 120-116 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Ճըրզի Նեթցի: Անոր խմբակից Շոնսի Պիլափս նշանակեց 33 կէտ:
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ իր դաշտին վրայ 106-100 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տալաս Մավըրիքսէն: Տըրք Նովիթցքի ի նպաստ Տալասի նշանակեց 24 կէտ:
Օքլահոմա Սիթի իր կարգին իր դաշտէն դուրս յաղթանակ մը արձանագրեց` 116-98 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ֆէոնիքս Սանզը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ եւ Ճէյմս Հարտեն նշանակեցին 22-ական կէտ:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Աթլանթա Հոքս – Օրլանտօ Մեճիք 85-82
Ինտիանա Փէյսըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 111-101
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 108-97
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Մայեմի Հիթ 107-123
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Միլուոքի Պաքս 98-104
Շարլոթ Հոռնեթց – Քլիվլենտ Քաւալիրզ 98-97
Նիւ Եորք Նիքս – Նիւ Ճըրզի Նեթց 120-116
Նիւ Օրլինզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 95-91
Մինեսոթա Վուլվզ – Շիքակօ Պուլզ 91-108
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 110-91
Տենվըր Նակեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ 104-91
Ֆէոնիքս Սանզ – Օքլահոմա Սիթի 98-116
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տալաս Մավըրիքս 100-106
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք երկու մրցումներուն յայտագիրը.
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Պոսթըն Սելթիքս
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Տալաս Մավըրիքս