ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԱՆՍՈՒՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Նախարար Մանսուր եւ դեսպան Զասպիքին

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան – ռուսական յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մանսուր շեշտեց, որ Լիբանան պիտի չմասնակցի Սուրիոյ բարեկամ երկիրներու խորհրդաժողովին` աւելցնելով, որ յառաջիկայ 24 փետրուարին Թունուզի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին ընթացքին լիբանանցիներու մասնակցութիւնը պէտք է անձնական նկատել եւ ոչ պաշտօնական Լիբանանի ներկայացուցչութիւն:

Զասպիքին իր կարգին շեշտեց, որ Մոսկուա պիտի չմասնակցի Թունուզի խորհրդաժողովին, որովհետեւ այդ խորհրդաժողովին մաս պիտի կազմէ սուրիացիներուն մէկ մասը եւ ոչ թէ Սուրիոյ ժողովուրդը բաղկացնող բոլոր շերտերն ու Սուրիոյ իշխանութիւնները:

Զասպիքին ընդգծեց, որ այս ձեւով կարելի չէ լուծել Սուրիոյ տագնապը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ խորհրդաժողովէն բխելիք վերջնական հաղորդագրութիւնը արդէն իսկ կարգ մը արաբական երկիրներու կողմէ պատրաստուած է:

Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ յառաջիկայ 26 փետրուարին տեղի ունենալիք հանրաքուէն բարեկարգումներուն մաս կը կազմէ` նշելով, որ պէտք է կասեցնել Սուրիոյ մէջ գործուող բռնարարքները եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ յատկացնել քաղաքացիներուն:

Զասպիքին շեշտեց, որ Մոսկուա կ՛առաջարկէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ յատուկ պատուիրակ մը գործուղել Սուրիա, որպէսզի անոր հովանաւորութեամբ ապահովութեան անցքեր յառաջանան` սուրիացիներուն մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու:

 

Share this Article
CATEGORIES