ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԵՐԿՐԻՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն պահպանելու երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ դասեր քաղելու Լիբանանը շրջապատող երկիրներէն եւ բարելաւելու Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութեան կիրարկումը:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց նաեւ, որ յաջորդ հանգրուանը պէտք է ըլլայ Լիբանանը անհատական, համայնքային եւ յարանուանական պետութենէն դուրս բերելու եւ զայն բոլոր քաղաքացիներուն պետութեան վերածելու ու երկրին դռները ատակ բոլոր կարողութիւններուն դիմաց լայն բանալու հանգրուան մը:
Նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւններն ու նախարարութեան դերակատարութիւնն ու կարողութիւնները բարելաւելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահին այցելեց նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս: Քննարկուեցան յոյն ուղղափառ համայնքին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Պաապտա այցելեց նաեւ արտաքին յարաբերութեանց խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց արաբական եւ միջազգային կարգ մը խորհրդարաններու հետ գործակցութեան հեռանկարները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Քաղաքացիական չափաւորական հանդիպումի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապի:
Կէսօրէ ետք, նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական կացութիւնն ու առողջապահութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Իսամ Սլէյման:


