«ՉԵՄ ՓԱՓԱՔԻՐ ԵՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ ՄՆԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ» Կ՛ԸՍԷ ՀՐԱՉ ԵԱՔԱՆ
Սթանտար Լիեժի (Պելճիքա) եւ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականի նախկին մարզիկ Հրաչ Եաքան, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ գտնուող Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ Գանձասար Կապանի հետ ուսումնամարզական հաւաքի մը կը մասնակցի, հարցազրոյց մը ունենալով Armsport.am լրատուական կայքէջի թղթակիցին հետ կ՛ըսէ, որ չի փափաքիր երկար ժամանակ մնալ Հայաստանի մէջ եւ երկար տարիներ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցիլ:
«Ներկայիս ազատ մարզիկ մըն եմ: Գանձասարի թեքնիք տնօրէն Վլատիկ Առաքելեանը ճանչնալով եւ ընդառաջելով անոր փափաքին, փորձեր կը կատարեմ խումբին հետ: Եթէ որոշեմ ստորագրել ակումբին տոմարներուն վրայ, ատիկա պիտի ըլլայ ժամանակաւոր, որովհետեւ չեմ փափաքիր երկար ժամանակ մնալ Հայաստանի մէջ, քանի որ նպատակս է եւրոպական որեւէ ախոյեանութեան իմ մասնակցութիւնս բերել: Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական հրաւիրուելուն, ատիկա որոշողը բնականաբար կ՛ըլլայ մարզիչը եւ ոչ թէ ես», ըսաւ Եաքան` Armsport.am-ի թղթակիցին: