ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՅԱՋՈՐԴ ՄՐՑԱԿԻՑԸ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ ՎԻԼՇԵՒՍՔԻ
Կռփամարտի միջին դասակարգի աշխարհի նախկին գերմանահայ ախոյեան Արթուր Աբրահամի յաջորդ մրցակիցը շատ հաւանաբար կրնայ ըլլալ EBU-ի նախկին ախոյեան Փիոթր Վիլշեւսքի, կը յայտնէ Armsport.am` իր լուրը քաղելով Boxingscene լրատու աղբիւրէն:
Կը կարծուի, որ եթէ այս մրցամարտը յստականայ, անիկա տեղի պիտի ունենայ 31 մարտին` Քէօլնի մէջ (Գերմանիա):
Աբրահամ ցարդ կատարած է 36 ճակատում` արձանագրելով 33 յաղթանակ (27-ը` նաք-աութով), մինչ Վիլշեւսքի` 32 ճակատում (10-ը` նաք-աութով):
Ներկայ դրութեամբ EBU-ի ախոյեանի գօտին կը պատկանի Աբրահամի, իսկ Վիլշեւսքի Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը նախորդ տարին կորսնցուցած է` պարտուելով անգլիացի Ճէյմս Տաքէյլիէն:
CATEGORIES Մարզական


