ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ՀԵՏ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ «ՎԵԹՈՅԻ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԷՆ ԵՏՔ ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՈՒՐՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՕԳՈՒՏ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՊՏԱԼԼԱ ԹԱԳԱՒՈՐ

Ապտալլա թագաւոր

Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնեց, որ «Մոսկուա որոշ երկիրներու եւ ժողովուրդներու ճակատագիրին վերաբերող միջազգային կարեւոր որոշումներ աշխուժ քարոզարշաւներու ազդեցութեան տակ տալը կը մերժէ»` նշելով, որ անոնք «իբրեւ ձեւ եւ խորք սկզբունքով սխալ վարմունք են եւ կարելի չէ միջազգային օրէնքի հաստատութեանց` նախ եւ առաջ ՄԱԿ-ի հաւաստիութեան կորուստը ընդունիլ եւ այդ կառոյցները քաղաքական նկատառումներու եւ տնտեսական շահի հիմամբ փոխակերպել այն ինչ որ կը կոչուի բարեկամներու խմբակի»:

Քրեմլինի մէջ օտար երկիրներու դեսպաններուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ Մետվետեւ յայտնեց, որ Ռուսիա միջազգային օրէնքի կառոյցներուն հաւաստիութեան պահպանման նախանձախնդիր է:

Քրեմլինի մամլոյ գրասենեակը յայտնեց, որ Մետվետեւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Սուրիոյ իրադարձութիւնները եւ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման համար համակարգումի հարցերը: Սէուտական պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Մետվետեւ Ռուսիոյ կեցուածքը բացատրած է, իսկ Ապտալլա թագաւոր պատասխանած է. «Սէուտական Արաբիա երբեք չի կրնար Սուրիոյ իրադարձութեանց նկատմամբ իր կրօնական եւ բարոյական կեցուածքէն հրաժարիլ, եւ նախընտրելի էր, որ ռուս բարեկամները Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վեթոյի իրաւունքը գործածելէ առաջ ռուս-արաբական համակարգում կատարէին, իսկ այժմ իրադարձութեանց շուրջ որեւէ երկխօսութիւն անօգուտ է»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ստոյգ տեղեկութիւններ ունի, թէ սուրիական ընդդիմութիւնը արտասահմանէն զէնքեր կը ստանայ` նշելով, որ «Ռուսիա վստահ է, որ Միջին Արեւելքի մէջ որեւէ յարձակում գործելու ծրագիր արդիւնք պիտի չտայ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ընդգծեց, որ «Սուրիոյ վերեւ թռիչքի արգիլեալ գօտիներ ստեղծելու Միացեալ Նահանգներու կոչերը զինուորական դիպաշար մը գործադրելու գծով ուղղակի գրգռութիւն է»:

Ռուսիա նաեւ յայտարարեց, որ զօրավիգ կը կանգնի մարդասիրական օժանդակութեանց մատակարարման համար Սուրիոյ մէջ իւրաքանչիւր օր երկու ժամ տեւողութեամբ զինադադար հաստատելու Միջազգային կարմիր խաչի կոչին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար, Ռուսիոյ միջինարեւելեան յատուկ պատուիրակ Միխայիլ Պոկտանով երէկ Մոսկուայի մէջ Քաթարի դեսպան Ահմետ Սէյֆուլ Մայտատիի հետ քննարկեց Սուրիոյ կացութիւնն ու երկկողմանի յարաբերութիւններու հարցը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնեց, որ քաթարական կողմի խնդրանքով տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի իրադարձութեանց, ներառեալ` Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ տեսակէտներու փոխանակում կատարուած է, ինչպէս նաեւ ռուս-քաթարական յարաբերութեանց կարգ մը երեսները քննարկուած են: Նշենք, որ Ռուսիա 29 նոյեմբեր 2011-ին Տոհայի օդակայանին մէջ իր դեսպան Վլատիմիր Թիթարինքոյի հետ պատահած միջադէպին պատճառով Քաթարի հետ դիւանագիտական յարաբերութեանց մակարդակը նուազեցուցած էր:

Մինչ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թունուզի մէջ ուրբաթ օր նախատեսուած «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովին ընթացքին արաբական-ՄԱԿ-ի ուժեր Սուրիա ուղարկելու առաջարկը պիտի արծարծուի, Թունուզի մէջ բնակող արաբ դիւանագիտական աղբիւր մը «Եունայթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թունուզի խորհրդաժողովը «կազմակերպողն ու ֆինանսաւորողը Քաթարն է, իսկ Թունուզ կը բաւարարուի կազմակերպչական միջոցառումները դիւրացնելով»: Ան նշեց, որ Քաթար այդ աշխատանքը կը տանի Թունուզի մէջ իր դեսպանատան միջոցով, ինչ որ «միջազգային խորհրդաժողովներու կազմակերպման մէջ արտասովոր նախադէպ մըն է»:

Միւս կողմէ, ֆրանսացի լրագրող Ռեմնի Օշլիք (ըստ ֆրանսական աղբիւրներու` Նաթալի Քոսիսքօ Մորոզիէ) եւ ամերիկացի լրագրող Մարի Քոլվին երէկ զոհ գացին Հոմսի Պապ Ամրօ թաղամասի ռմբակոծման: Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Ատնան Մահմուտ յայտնեց, որ նախարարութիւնը սպաննուած երկու լրագրողներուն եւ վիրաւորուած այլ լրագրողներուն Սուրիա ներկայութեան մասին տեղեակ չէ, եւ ապօրինի կերպով Սուրիա մուտք գործած բոլոր լրագրողներուն կոչ ուղղեց իրենց կեցութեան հարցերը դասաւորելու: Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտնեց, որ լրագրողներուն սպանութիւնը Ասատի վարչակարգին իշխանութենէն հեռանալու անհրաժեշտութիւնը կը փաստէ: Ուաշինկթըն իր կարգին յայտնեց, որ երկու լրագրողներուն սպանութիւնը սուրիական վարչակարգի վայրագութիւնը ի յայտ կը հանէ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց երկու լրագրողներուն սպանութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES