ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ԺՈՄՊԼԱԹ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՂ ՑՈՅՑԻ ՄԸ

Ժոմպլաթ` զօրակցական ցոյցին ընթացքին

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի մէջ մասնակցեցաւ սուրիացի ժողովուրդին զօրակցութեան ցոյցի մը, որուն ընթացքին բողոքի ձայն բարձրացաւ սուրիական վարչակարգին դէմ:

Ցոյցին ընթացքին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ի վերջոյ սուրիացի ժողովուրդը պիտի յաղթէ, որովհետեւ ան, ինչպէս արաբ այլ ժողովուրդներ, կը պահանջէ ազատութիւնը եւ արժանապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ ազատ ընտրութիւններ կայացնելու եւ արժանապատիւ կեանք մը վայելելու իրաւունքը:

Ժոմպլաթ նշեց, որ իրենց պարտականութիւնն է զօրակցիլ սուրիացի ժողովուրդին եւ արգելափակեալներուն, որոնք ազատութեան իրաւունք ունին:

Share this Article
CATEGORIES