ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ. ՇԱԽՏԻՈՐ – ԱՆԺԻ` 3-1

Թուրքիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Շախտիոր Տոնեցք ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգի կազմերէն Անժի Մախաչքալայի դէմ:

Ուքրանիոյ ախոյեանը տիրապետելով իր մրցակիցին վրայ` 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

12-րդ վայրկեանին, Շախտիորի եւ մրցումին առաջին կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Ապա Ատրիանօ նշանակեց երկու կոլ (27-րդ եւ 47-րդ):

76-րդ վայրկեանին Մխիթարեան փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:

 

Share this Article
CATEGORIES