ՃԱՏՐԱԿ. ՀԱՅՐԵՆԻ 9 ԿՐԱՆՏՄԱՍԹԸՐՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ

Յառաջիկայ 19 մարտէն 1 ապրիլ Փլովտիւի մէջ (Պուլկարիա), տեղի պիտի ունենան Եւրոպայի անհատական ճատրակի ախոյեանութեան մրցումները:

Armchess.am հայկական լրատու գործակալութենէն կը տեղեկանանք, որ հայրենի 9 կրանտմասթըրներ պիտի մասնակցին այս ախոյեանութեան:

Անոնց անունները յստակ դարձան, երբ աւարտեցաւ Հայաստանի ճատրակի 72-րդ ախոյեանութիւնը:

Փլովտիւ մեկնողները պիտի ըլլան Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Զաւէն Անդրէասեան, Արման Փաշիկեան եւ Հրանդ Մելքումեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES