ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՏՂԱՔԸ ԱՊԱՀՈՎԵՑԻՆ ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻՆ ԻՐԵՆՑ ՏՈՄՍԸ
Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Քահրապա – ՀՄԸՄ Պէյրութ երկրորդ մրցումը` առաջինին դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը, որոնք իրենց կատարած առաջին մրցումին յաղթած էին, երէկ իրենց երկրորդ յաղթանակը արձանագրելով 75-71 արդիւնքով ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսը` 2-0 արդիւնքով յառաջանալով իրենց մրցակիցին վրայ:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 16-17, 15-24, 24-15 եւ 16-19: ՀՄԸՄ-էն Ռուտի Ֆարրաժ նշանակեց 36 կէտ, ապա յաջորդաբար Մարիօ Ապպուտ` 19, Սեւակ Քեթենճեան` 11 եւ Երուանդ Աւագեան` 7:
ՏՂՈՑ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի Ա. հանգրուանի մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Սաժես – Պըժժէ` 100-83, Ռիատի Պէյրութ – Հուփս` 90-64 եւ Անիպալ Զահլէ – Պիպլոս` 103-85:
Չորրորդ մրցումը` Շանվիլի եւ Մութթահետի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ այսօր, առաջինին դաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ պասքեթպոլի ֆետերասիոնը երէկ իր գումարած արտակարգ նիստին կարգ մը պատիժներ տնօրինեց Ռիատի Պէյրութի ակումբին դէմ` նկատի ունենալով, որ կիրակի, 19 փետրուարին, Շանվիլի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, անոր համակիրները եղած էին չափազանց անկարգապահ եւ խանգարած մրցումը:
Ռիատի 5 միլիոն լիբ. ոսկիի տուգանքի ենթարկուելէ բացի, իր դաշտին վրայ կատարելիք իր երկու մրցումները պիտի կատարէ օտար դաշտերու վրայ:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ այսուհետեւ ներքին ապահովութեան ուժերը պիտի ձերբակալեն բոլոր այն անձերը, որոնք համայնքային եւ քաղաքական բնոյթի արտայայտութիւններ կ՛ունենան դաշտերուն մէջ: