ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆ Է 25 ՏԱՐԵԿԱՆ «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»ԻՆ
Գաղութահայ մեր կեանքին մէջ մեր ինքնութիւնը պահպանելու նուիրուած կառոյցներէն մէկն է «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանը, որ իր հիմնադրութեան 25-ամեակը կը տօնէ այս օրերուն:
Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած մեր կապուտաչեայ ծովուն անունը կը լսենք ամէն օր` իբրեւ անմոռանալի պահանջատիրութեան զարթուցիչ: Վանայ ծովը հեռու է մեզմէ, բայց այնքան մօտիկ մեր հայրենիքին. անոր ներկայութիւնը կը զգանք մեր սիրտերուն մէջ, մասնաւորաբար երբ հնչէ «Վանայ Ձայն»ը իր երգերով եւ օգտաշատ, ազգանուէր ու հայրենանուէր յայտագիրներով:
Այսօր, երբ 25 տարեկան է «Վանայ Ձայն»ը, երբ ան կը տօնէ 25 տարեկան ըլլալու երիտասարդի տարեդարձ, մեզմէ իւրաքանչիւրը սրտանց պէտք է կատարէ իր նուիրատուութիւնը, ինչպէս որ նուէր մը պիտի ընծայէինք մեր սիրելի հարազատին` իր ծննդեան տարեդարձին առիթով:
Իւրաքանչիւր ընտանիք կամ իւրաքանչիւր հայ սիրով կը լսէ այս հարազատ ձայնը, եւ փարատէ իր հոգերը` պահ մը ունկնդրելով քաղցր մեղեդի մը, դաստիարակիչ խօսք մը, հայ լեզուն պահպանելու կոչ մը, ազգային տօն մը փառաւորելու կանչ մը: Մե՛րն է «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռը, հետեւաբար` պէտք է զայն պահենք մեր ամբողջական կարելիութիւններով, մեր նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ:
Կը յիշէ՞ք, սիրե՛լի ընթերցողներ, երբ մօտ տասնամեակ մը առաջ պետական հրահանգով, բայց ժամանակաւորապէս փակուեցաւ մեր սիրելի ձայնասփիւռի այս կայանը, որովհետեւ, ըստ այդ օրերու «մեղադրանքին», «Վանայ Ձայն» չունէր ձայնասփիւռի կայանի մը համար պէտք եղած տարածութիւնը ձայնային սփռումի անհրաժեշտ սարքաւորումը եւ այլն, եւ այլն: Այդ օրերուն մեր պատասխանատուներէն պահանջուեցաւ կարեւոր գումար մը իբրեւ հատուցում կամ տուգանք, որպէսզի վերաբացուէր ԿԱՅԱՆԸ:
Եւ բացուեցաւ ԿԱՅԱՆԸ: «Վանայ Ձայն» վերսկսաւ իր ձայնասփռումին ամենայն հնչեղութեամբ: Մեր գաղութին մէջ տօնական էր այդ օրը: Այսօր «Վանայ Ձայն» մուտք կը գործէ ամէն հայ տունէ ներս: Անոր ձայնը մեզի կը բերէ մեր հայրենական բռնաբարուած ծովուն կանչը, որ այնքան սրտառուչ է, այնքան հոգեթով: Կ՛ապրինք մեր կորսուած հայրենական հողերուն կարօտով, միշտ վերագտնումի անմար յոյսով:
«Վանայ Ձայն» մեր ժողովուրդին կը հասնի իր սահմանափակ կարելիութիւններով: Անշուշտ կարիքը ունի լաւագոյնին եւ արդիական սարքերով ներկայանալու, որպէսզի կատարելագործուի ամէն իմաստով: Այսօր տեղին չէ յիշել ակամայ յայտնուած թերիները, որոնց վերնալուն համար կը դիմուի մեզի` մասնակցելու ժողովրդային հանգանակութեան: 31 մարտ 2011-ն է այդ օրը, հանգանակութեան պաշտօնական օրը, բայց կարելի է ամէն օր ի մտի ունենալ մեր այս «Հարազատ ձայնին» հետ ըլլալու այժմէականութիւնը, եւ զօրավիգ կանգնիլ անոր աւելի բարձրին ու լաւագոյնին տիրապետելու:
Եթէ չունենանք «Վանայ Ձայն», որուն ՁԱՅՆ-ին ընտելացած են մեր ականջները եւ մեր սիրտերը 25 տարիներէ ի վեր, կը կորսնցնենք մենք զմեզ, մեր ինքնութիւնը, զայն որոնելու ճամբան: Օրը հասած է արտայայտելու մեր անկեղծ սէրը, եւ ըսելու անոր. «Երկար տարիներ հնչես «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ», մինչեւ որ հասնինք մեր կապոյտ ծովուն, Աղթամարին` երգելու համար յաւերժական երգը մեր հայրենիքին, որուն պիտի հասնինք ուշ կամ կանուխ»:
Սպասելու ժամը չէ: Տարեդարձի օրն է, ծաղիկով մը գոնէ շնորհաւորենք «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»ը:
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ